ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ՊԱՂԱՐԻՒՆ

Սիրքեճիի Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին վերաբերեալ իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել թրքահայութեան օրակարգը։ Համայնքապատկան այս կալուածը շուրջ տասն տարիէ ի վեր անմիջական ուշադրութեան առարկայ է՝ սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով ձեռնարկուած իրաւական պայքարին բերումով։ Իրականութեան մէջ, սա շատ երկար ու բարդ ոդիսական մըն է, սակայն վերջին օրերու իրադարձութիւնները պատճառ դարձած են, որ համայնքային շրջանակներու ուշադրութիւնը հերթական անգամ թեքուի այս կարեւոր նիւթին վրայ։ Պատրիարքական Աթոռին եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ իրաւական պայքարի առարկայ դարձած է Սանասարեան խանը եւ համապատասխան դատական գործընթացները տակաւին կը շարունակուին։ Այս իրավիճակին մէջ, վերջին շրջանին զանգուածային լրաուութեան միջոցներուն մօտ արձագանգ գտաւ ուշագրաւ իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղը կը պատրաստուի քանի մը օր վերջ՝ 28 յունուար 2020 թուականին կազմակերպել մրցոյթ մը՝ խանի վարձակալութեան նպատակով։ Մօտաւոր անցեալին ալ տեղի ունեցած էին նման իրադարձութիւններ եւ Պատրիարքական Աթոռի միջամտութեամբ կասեցուած էին այդ բոլորը։ Այժմ, վերստին յառաջացած է նման հարց մը, մինչ համայնքային շրջանակները վերջին օրերուն մտահոգութեամբ հետեւեցան զանգուածային լրատուութեան միջոցներու հաղորդումներուն։ Անշուշտ, լուրերը որքան որ ալ անհանգստացուցիչ ըլլային՝ վերջնական համոզումի մը յանգելու տեսակէտէ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլար սպասել Գումգաբուի պաշտօնական արձագանգին։ Պատրիարքարանի դիւանը ի վերջոյ այս առաւօտ հանդէս եկաւ Սանասարեան խանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ լուսաբանութիւնով մը։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան խորհրդակցութիւն մը ունեցած է իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ, որ Պատրիարքարանի շահերը կը պաշտպանէ՝ սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման ուղղեալ դատական գործընթացին մէջ։ Յարակից սիւնակին մէջ կը ներկայացնենք նաեւ Պատրիարքարանի լուսաբանութեան թրքերէն տարբերակը։ Այս առթիւ Գումգաբուէն տեղեկացուած է հետեւեալը.

Աթոռս վերահասու դարձած է, թէ Պատրիարքութեանս եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ տարակարծութեան առարկայ Սանասարեան խանի՝ վերանորոգութեան փոխարէն 35 տարիով վարձակալման նպատակով 28 յունուար 2020 թուականին մրցոյթ մը տեղի պիտի ունենայ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. Շրջանի տնօրէնութեան կողմէ։ Սահմանադրական ատեանի մօտ 2019/6264 համար մեր անհատական դիմումին վերաբերեալ առանց վճռի մը արձակման, երբ տակաւին դատական գործընթացը ընթացքի մէջ է, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ տուեալ խանին համար մրցոյթի մը կազմակերպումը արդար չի համարուիր։ Բաց աստի, ակնյայտ է, որ այս մրցոյթն ու անոր յաջորդելիք փուլերը չեն կրնար որեւէ ազդեցութիւն գործել՝ մեր կողմէ պահանջուած իրաւունքին վրայ։

Ինչպէս ծանօթ է, 10 հոկտեմբեր 1901 թուականին դատական իշխանութիւններու կողմէ հաստատուած Սանասարեանի վաքըֆը՝ ըստ հիմնարար փաստաթուղթին, Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կողմէ ստեղծուած է կարիքաւոր հայ երեխաներու կրթութեան, դաստիարակութեան, բնակութեան եւ սնման կարիքներու դիմագրաւման նպատակով։ Մկրտիչ աղան այս նպատակը իրացնելու նպատակով ծախու առած է Սանասարեան խանը։ Կտակարարը՝ որպէս վաքըֆի միակ կառավարիչ ու միակ իրաւասու նշանակած է օրուան հայոց պատրիարքը։

Պատրիարքական Աթոռը 12 դեկտեմբեր 2011 թուականին, իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջոցաւ դատ բացած էր Իսթանպուլի 13-րդ Հիմնարար ատեանին մօտ՝ Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձուելուն համար։ Մեր դատը որքան որ ալ տեղական դատարանին կողմէ մերժուած ըլլայ, բեկման փուլին ի յայտ եկած էր մեր արդարութիւնը։ Վճռաբեկ ատեանի Ա. Իրաւական բաժանմունքը վճիռ արձակած էր՝ խանի սեփականութեան իրաւունքի վերադարձման ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, սրբագրման փուլին Վճռաբեկ ատեանի Ա. Իրաւական բաժանմունքը տեղքայլ ըրած էր իր իսկ արձակած վճիռէն ու վաւերացուցած՝ տեղական դատարանի որոշումը, ինչ որ յուսախաբութիւն ստեղծած էր։ Մեր սեփականութեան իրաւունքին դէմ կատարուած ոտնձը-գութեան կապակցութեամբ Սահմանադրական ատեանի մօտ կատարուած անհատական դիմումի գործընթացը տակաւին հասած չէ իր աւարտին։ Լիայոյս ենք, թէ Սահմանադրական ատեանը յետ ուսումնասիրութեան արդար ու խղճի յարիր վճիռ մը պիտի արձակէ։ Կը սիրենք յուսալ, թէ դատական գործընթացը այնպէս մը պիտի եզրափակուի, որ պատիւ պիտի բերէ մեր երկրի իրաւական համակարգին։ Բաց աստի, խանի ամբողջ հասոյթի՝ վաքըֆի նպատակին յարիր օգտագործման համար Պատրիարքութեանս յանձնուելուն ակնկալութեամբ, իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջոցաւ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ կատարուած մեր դիմումը մնացած էր անպատասխան։ Այս պատճառով Անգարայի 14-րդ Վարչական ատեանին մօտ 19 յունիս 2019 թուականին բացուած դատն ալ տակաւին ուսումնասիրման փուլի մէջ կը գտնուի։

Այս առթիւ կու գանք հանրային կարծիքի նկատառման յանձնել, թէ Պատրիարքական Աթոռս անհրաժեշտ նախանձախնդրութիւնը կը ցուցաբերէ եւ պատկան իրաւական գործընթացը անմիջականօրէն կը հետապնդէ՝ մեր համայնքին տեսակէտէ պատմական կարեւորութեամբ Սանասարեան խանին եւ անոր վաքըֆի հիմնադրին՝ Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կտակին տէր կանգնելու ուղղութեամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020