ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ Երուսաղէմի մէջ մասնակցեցաւ Հոլոքոստի յիշատակին նուիրուած 5-րդ միջազգային համաժողովին՝ ընդառաջելով Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինի հրաւէրին։ «Յիշելով Հոլոքոստը, պայքարելով ընդդէմ հակասեմականութեան» խորագրով կազմակերպուած այս համաժողովը Եատ-Վաշեմի՝ Հոլոքոստի զոհերու յիշատակին ձօնուած յուշահամալիրին մէջ համախմբած էր աշխարհի աւելի քան քառասուն պետութիւններէ ղեկավարներ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նախագահ Ռիվլին ելոյթով մը հանդէս եկաւ համաժողովի բացման։ Արտայայտուեցան նաեւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահու, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Մայք Փենս, Անգլիոյ արքայազն Չարլզ, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթէր Շթայնմայէր, ինչպէս նաեւ Եատ-Վաշեմի խորհուրդի նախագահ րապպի Իսրայէլ Մէյըր Լաու, որ Հոլոքոստի վերապրած մըն է։ Այս տարուան ոգեկոչումները զուգադիպեցան Օշվիցի  ազատագրման 75-ամեակին։

Համաժողովի մասնակից պետութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Արմէն Սարգսեան ծաղկեպսակ մը զետեղեց՝ Հոլոքոստի զոհերու յիշատակին նկատմամբ մատուցելով իր յարգանքը։ Համաժողովի շրջանակներէն ներս ան զրոյցներ ալ ունեցաւ մասնակից գրեթէ բոլոր պետութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Երուսաղէմի մէջ Արմէն Սարգսեան այցելեց նաեւ Քնեսէթ, ուր հիւրընկալուեցաւ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտելշթայնի կողմէ։ «Պատմութեան շատ էջեր ողբերգական են հայ եւ հրեայ ժողովուրդներու համար եւ պէտք է համատեղել ջանքերը, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք չկրկնուին», ըսաւ Արմէն Սարգսեան։ Երեւանի աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ Արմէն Սարգսեան օրակարգի վրայ բերած է նաեւ Քնեսէթի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020