ՏԻԳՐԱՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ ՊԱՐԳԵՒ

Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին ստորագրեց տնօրինութիւն մը, որու հիման վրայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Սարգսեան պիտի պարգեւատրուի։ Այսպէս, Տիգրան Սարգսեանին պիտի շնորհուի Սթոլիփինի առաջին աստիճանի մետայլը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Տիգրան Սարգսեանին այս պարգեւը կը տրուի ԵԱՏՄ-ի ամրապնդման ու զարգացման ուղղութեամբ ներդրած վաստակին համար։ Սա Ռուսաստանի կառավարութեան ամենակարեւոր պարգեւն է։

Ինչպէս ծանօթ է, Տիգրան Սարգսեան Հայաստանի նախկին վարչապետներէն է, Կեդրոնական դրամատան նախկին երկարամեայ նախագահներէն մին։ ԵԱՏՄ-ի կազմաւորման փուլին ան ստանձնեց այդ կազմակերպութեան խորհուրդը գլխաւորելու առաքելութիւնը։ Ներկայիս ան կը պատրաստուի աւարտել իր պաշտօնավարութեան ժամկէտը։

Ուրբաթ, Յունուար 24, 2020