ԵՐԿԻՐ ՔԱՈՍԱՎԱՅՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Սա անակնկալ որոշում մըն էր՝ որքան որ ալ երկրի Սահմանադրութիւնը գործնական որեւէ լիազօրութիւն նախատեսած չըլլայ Հանրապետութեան նախագահին համար։ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Հայաստանի դիմագրաւած ճակատագրական, պատմականօրէն արտակարգ մարտահրաւէրներու մթնոլորտին մէջ այս հրաժարականը երկրին բաժին հասած հերթական ցնցումն ու անորոշութիւնը կը բերէ իր հետ։ Վերջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս յետպատերազմեան իրավիճակին մէջ Հայաստանի մատնուած ահաւոր քաոսին տեսակէտէ լուրջ ապացոյց մըն է ամենաբարձր մակարդակի պաշտօնատարներու հրաժարականի տարափը։ Այժմ, այդ շարքը համալրուած է Արմէն Սարգսեանով, որ որոշած է լքել Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը։

Անցեալ շաբաթ դէպի Ապու Տապի աշխատանքային այցելութեան մը ձեռնարկած էր Արմէն Սարգսեան, որու շփումներու աւարտին իր գրասենեակը պաշտօնապէս հաղորդած էր, որ ան կարճատեւ արձակուրդ մը առած է՝ առողջական քննութիւններէ անցնելու համար։ Ահա այդ արձակուրդի պահուն հրապարակուեցաւ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականը։ Ան այս որոշումը բաւական ծաւալուն մասնաւոր յայտարարութիւնով մը տեղեկացուց՝ բազմակողմանի հիմնաւորումներով, բացատրութիւններով եւ զգուշացումներով հանդերձ։

Արմէն Սարգսեան եղած էր անկախ Հայաստանի յառաջատար ու հեղինակաւոր պետական գործիչներէն մին՝ մասնաւորապէս դիւանագիտութեան եւ միջազգային համագործակցութեան բնագաւառներուն մէջ։ Երկար տարիներ դեսպանի պաշտօն վարած էր Լոնտոնի մէջ։ Եւրոպական այլ զանազան երկիրներու մօտ ալ հաւատարմագրուած էր՝ որպէս դեսպան։ Ակադեմական անցեալով, գիտնականի պաշարով, հարուստ փորձառութիւնով դէմք մըն էր։ Միջոց մը եղած էր նաեւ Եւրոպայէ ներս Հայաստանի աւագ դեսպանը։ Ուժանիւթի բնագաւառի վերաբերեալ միջազգային զանազան կարեւոր գործարքներու մէջ ունեցած էր լուրջ դերակատարութիւն։ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի շրջանակներէն ներս վարած էր պաշտօններ, կը վայելէր բարձր վարկ։ 1996 թուականի ընտրութիւններէն վերջ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան իրեն վարչապետի պաշտօնը վստահած էր՝ բաւական նուրբ իրավիճակի մը մէջ։ Միայն քանի մը ամիս պաշտօնավարելէ վերջ Արմէն Սարգսեան վարչապետի պաշտօնէն հրաժարած էր՝ առողջական պատճառներով։ Իրմէ վերջ Հայաստանի կառավարութեան գլուխը անցած էր Արցախի այդ ժամանակուայ ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան եւ այդ նշանակումը հանդիսացած էր 1998 թուականի իշխանափոխութեան եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի հրաժարականի ենթագետինը։ Արմէն Սարգսեան այս անգամ եւս չկարողացաւ աւարտին հասցնել նախագահի պաշտօնին ժամկէտը՝ հրաժարելով 3.5-4 տարի վերջ՝ մինչ այդ առաքելութիւնը պէտք է վարէր մինչեւ 2025 թուականը։ Ընկերային ցանցերու վրայ զանազան մեկնաբանութիւններ եւ գրառումներ կատարուեցան՝ իր երէկուայ հրաժարականի լոյսին տակ։ Այս ամբողջին մէջ ոմանք մատնանշեցին, որ 1997 թուականի փետրուարին վարչապետի պաշտօնէն եւ այժմ՝ 2022 թուականի յունուարին նախագահի պաշտօնէն հրաժարելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի սահմաններէն դուրս կը գտնուէր, Լոնտոնի մէջ էր։

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան, այժմ Հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան։ Այս առաւօտ խորհրդարանի նախագահը այս կապակցութեամբ յայտարարեց հետեւեալը. «Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին համաձայն՝ եթէ հրաժարականի հրապարակումէն յետոյ մէկ շաբթուայ ընթացքին համապատասխան անձը գրաւոր դիմումով, առաջինը, ետ քաշէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա Ազգային ժողովի նախագահը այս մասին հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ։ Երկրորդ՝ եթէ ետ չքաշէ հրաժարականի մասին իր դիմումը, ապա իր լիազօրութիւններու դադրեցման մասին կը կազմակերպուի արձանագրութիւն, զոր կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը։ Արձանագրութեան հրապարակման պահէն սկսեալ հրաժարականը կը համարուի ընդունուած»։

Ենթադրելի է, որ այս պարագային դժուար թէ հրաժարականը ետ քաշուի։ Ուստի, մէկ շաբաթ վերջ պիտի սկսի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը։ Սա արտահերթ ընտրութեան բնոյթ պիտի ունենայ։ Խորհրդարանը պաշտօնի թափուր մնալէն յետոյ ամենէն շուտ 25 եւ ամենէն ուշ 35 օրուայ ընթացքին պէտք է ընտրէ նոր նախագահը։

Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին զուգահեռ արդէն նոր հարցականներ օրակարգի վրայ եկած են Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ։ Չորս տարի առաջ իր թեկնածութիւնը առաջադրած եւ խորհրդարանէ ներս ունեցած մեծամասնութիւնով իր ընտրութիւնը ապահոված Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) երէկ արձագանգեց իր հրաժարականին։ Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած ՀՀԿ-ն վերջին շրջանին՝ մանաւանդ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ անխնայօրէն կը քննադատէր Արմէն Սարգսեանը։ Երէկ, այդ կուսակցութեան յառաջատար դէմքերէն Արմէն Աշոտեան Արմէն Սարգսեանի հրաժարականէն վերջ յայտնեց. «Հայաստանի գլխին կանգնած ամպերէն, արտաքին աշխարհէն մեր գլխին պիտի գայ նոր ուժեղ շանթ մը, որու նախաշեմին Արմէն Սարգսեան որոշած է թռիլ»։ Ան միեւնոյն ժամանակ պնդեց, որ Արմէն Սարգսեան այս քայլով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առջեւ ճանապարհը ա՛լ աւելի հարթած է։

Քաղաքապետ Ստեփան Դանիէլեանն ալ յայտնեց, որ Արմէն Սարգսեանի հրաժարականին նկատմամբ պէտք է լուրջ վերաբերմունք ցուցաբերել։ Արդարեւ, այդ քայլը զանազան հարցումներու ծնունդ կու տայ։ Թէ ինչո՞ւ նախագահը հիմա հրաժարած է։ Ի՞նչ զարգացումներու կը սպասուի, որ նախագահը համաձայն չէ եղած ու չէ փափաքած պատասխանատուութիւն ստանձնել։ Ի՞նչ հաւանական փաստաթուղթ կը պատրաստուի, որ Արմէն Սարգսեան չէ փափաքած տակը ստորագրութիւն դնել։ Հրաժարականին մէջ մատնանշուած համազգային ճգնաժամը կը վերաբերի այժմո՞ւ վիճակին, թէ ոչ նոր իրադարձութիւններու կը սպասուի։ Հրաժարականին մէջ խօսած ըլլալով իր ընտանիքի թիրախաւորման մասին՝ Արմէն Սարգսեան ի՞նչ նկատի ունեցած է. մամուլի՞ նիւթերը, թէ ոչ իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժի ներքին կարգով առած քայլերը։ Կրնա՞յ ըլլալ, որ իր հրաժարականով ան փորձած ըլլայ խաթարել՝ իշխանութեան գլուխ գտնուող ուժի բեմագրութիւններէն մին։ Արմէն Սարգսեան ի՞նչ արմատական քաղաքական փոփոխութիւններու մասին խօսած է, որ նախագահը ներազդելու հնարաւորութիւն չունի։ Եւ վերջապէս խոշորացոյցի տակ կ՚առնուի իր այն զգուշացումը, թէ ազգը այլեւս սխալելու իրաւունք չունի։ Թէ ի՞նչ իրադարձութեան կը սպասուի եւ ան ի՞նչ բանը սխալ կը համարէ։

Այս եւ նման հարցադրումները ներկայիս քաղաքական գետնի վրայ կը բնորոշեն օրակարգը։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022