ՄԱՐԴԸ, ԿԼԻՄԱՆ ԵՒ ԲՆՈՒԹԻՒՆԸ…

Մարդ արարածի եւ մայր բնութեան յարաբերութիւնը շատ խորքային է։ Մէկ կողմէ մարդը բնութեան անբաժանելի մասն է, անոր հրաշագործ կարողութիւններու գերագոյն դրսեւորումը, իսկ միւս կողմէ երկրագունդի վրայ այդ նոյն բնութեան դէմ հիմնական պայքարողն է, մաքառողը։ Ուրիշ որեւէ կենդանի կամ արարած բնութեան դէմ չի պայքարիր այնքան՝ որքան մարդը։ Մնացեալները հանգիստ են՝ որքան ատեն, որ կը յագեցնեն իրենց բնական կարիքները։ Հապա մարդը՞...

Մարդը միակն է, որ ունի բնութեան ուղղութիւն տալու ձգտումը։ Մարդը միակն է, որ ունի բնութենէն տեղին համեմատ կազմակերպուած ձեւով զերծ մնալու մղումը։ Եւ տակաւին մարդը միակն է, որ կը յաւակնի բնութեան օրէնքը հարցաքննել ու հակակշռել։ Բնութիւնն ալ, կ՚երեւի, մարդը այնպիսի կարողութիւններով օժտած է, որ այդ բոլորը հանդուրժելի կը դառնան...

Պատմութիւնը մարդկային քաղաքակրթութեան ձեռքբերումները կ՚արձանագրէ՝ ժողովուրդներու, ազգերու կամ պետութիւններու յարաբերութիւններու ընդմէջէն։ Սա կը պարփակէ նաեւ զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութիւններ, մրցակցութիւններ կամ փոխադարձ ազդեցութիւններ։ Բնութեան մէջ մարդու գոյութիւնը կ՚իմաստաւորուի անոր ինքնակատարելագործման անսանձելի բնազդով։

Եթէ պատմութիւնը մարդու եւ բնութեան յարաբերութիւններու առանցքներուն շուրջ կ՚ընթանայ յաճախ, այդօրինակ վկայութիւններու ժառանգութիւն մըն է, ապա կլիման ալ այդ յարաբերութիւններու ընդհանուր հունը կը բնորոշէ։

Սպիտակ քօղը կը թաքցնէ՞ այդ խորհուրդը, թէ ընդհակառակն...

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022