ՆԱԽԱԳԱՀ ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆԻ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ իր հրաժարականը տեղեկացուց հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութիւնով։

1990-ականներու սկիզբին, աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու արդիւնքով մեր ժողովուրդին մեծագոյն հնարաւորութիւն ընձեռուեցաւ՝ ստեղծել իր անկախ պետութիւնը։ Մեր առաքելութիւնը ո՛չ թէ մէկ դրօշը ուրիշով մը փոխարինելն էր, այլ կառուցել երկիր, որ դարեր անց վերստին կ՚ապահովէ հայոց անվտանգութիւնը, յառաջընթացն ու բարգաւաճումը։

Ընդգծեմ՝ անկախ պետութեան գոյութեան հիմնական իմաստը պատասխանատուութիւն ստանձնելու ու կրելու կարողութիւնն է, երբ մենք իսկ կը գիտակցինք, որ միայն մենք ենք՝ որպէս մէկ միասնական մարմին, սեփական յաղթանակներ կերտողը եւ սեփական պարտութիւններու մեղաւորը։

Նման պատմական հնարաւորութեամբ ոգեւորուած՝ ես, ինչպէս նաեւ իմ շատ հայրենակիցներ, նուիրուեցայ այդ առաքելութեան։ Տարբեր պատճառներով այս կամ այն փուլերու մէջ իմ մասնակցութեան աշխուժութիւնը կը փոխուէր, բայց, ես չէի դադրեր հաւատալ մեր վերջնական համազգային յաջողութեան։ Եւ այս իսկ էր Հայաստանի նախագահի պաշտօնը զբաղեցնելու առաջարկին համաձայնելու իմ գլխաւոր շարժառիթը։

Ընդունելով այդ կարեւոր որոշումը՝ իմ մեկնակէտն էր ինձ եղած առաջարկը, ըստ որու՝ նախագահական նոր կառոյցը պիտի ունենայ գործիքներ եւ հնարաւորութիւններ՝ ազդելու արտաքին քաղաքական եւ տնտեսական, ներդրումային քաղաքականութեան վրայ, սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու վրայ, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզի վրայ համազգային շահերը յառաջ մղելու եւ նոր գիտակրթական ու բարձր թեքնոլոժիներու միջավայր ձեւաւորելու համար։

Որոշ ժամանակ անց տեղի ունեցան 2018 թուականի ապրիլ-մայիսի իրադարձութիւնները։

Կրնայ հարց ծագիլ՝ ինչո՞ւ ես հրաժարական չտուի այդ պահուն։ Պատասխանը ակնյայտ է՝ այն պատասխանատուութեան պատճառով, որ ես իմ վրայ վերցուցած էի՝ ստանձնելով Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը։ Ես պարտաւոր էի ընել ինձմէ կախեալ ամէն ինչ՝ բացառելու ներքին պառակտման ապագայ խորացումը, հաւանական բախումները, որոնք կրնային յանգեցնել չափազանց բացասական հետեւանքներու։ Ես նաեւ կը ձգտէի իմ երկարամեայ աշխատանքի շնորհիւ ձեռք բերած հեղինակութիւնը, կապերն ու իմ միջազգային քաղաքական ու տնտեսական ներուժը ծառայեցնել ուժեղ եւ կայուն պետականութեան կառուցման։

Կրկին կրնայ հարց յառաջանալ, թէ ինչո՞ւ նախագահը չկարողացաւ ազդել այն քաղաքական իրադարձութիւններուն վրայ, որոնք մեզ հասցուցին ներկայ համազգային ճգնաժամին։ Պատճառը կրկին ակնյայտ է՝ համապատասխան գործիքներու պակասը. գործիքներ, որոնցմով որեւէ պետական պաշտօնեայ կ՚օժտուի մէկ փաստաթուղթով՝ սահմանադրութիւնով։ Գործող հիմնական օրէնքին մէջ իսկ թաքնուած են մեր որոշ կարեւոր խնդիրներու արմատները։

Մենք ունինք հակասական վիճակ, երբ  նախագահը ստիպուած է պետականութեան երաշխաւորը ըլլալ՝ փաստացի չունենալով որեւէ իրական գործիք։ Սահմանադրութիւնը կ՚ենթադրէ մէկ կառոյցի գերակայութիւն միւսի նկատմամբ, սփիւռքի յայտնի մասնագէտներուն համար խոչընդոտներ կը ստեղծէ՝ պատմական հայրենիքի պետական կառոյցներու կառավարման մասնակցելու համար եւ այլն։

Մենք ձեւականօրէն խորհրդարանական հանրապետութիւն ենք, բայց ոչ բովանդակութեամբ։ Իմ առաջարկի իմաստը եւ նպատակը եղած է ո՛չ թէ կառավարման մէկ ձեւէն միւսին (խորհրդարանականէն կիսանախագահականի կամ նախագահականի) անցնիլը, այլ՝ զսպումներու եւ հակակշիռներու վրայ հիմնուած պետական համակարգ ստեղծելը։ Առանց այս բանին դժուար է խօսիլ նշանակալից ձեռքբերումներու մասին, որովհետեւ յառաջընթացի եւ յաջողութեան հասնիլ հնարաւոր է միայն կանխատեսելի եւ ներդաշնակ համակարգի պայմաններուն ներքեւ։

Ուրախ եմ, թէ ստեղծուած է սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողով, որու համար շնորհակալութիւն կը յայտնեմ կառավարութեան։ Ես յոյս ունիմ, թէ, ի վերջոյ, սահմանադրական փոփոխութիւնները տեղի կ՚ունենան եւ յաջորդ նախագահն ու նախագահական կառոյցը կը կարողանան աշխատիլ աւելի հակակշռուած եւ համակարգուած միջավայրի մէջ։

Մենք կ՚ապրինք իւրատեսակ իրականութեան մէջ. իրականութիւն, ուր նախագահը չի կրնար ազդել պատերազմին եւ խաղաղութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։

Իրականութիւն, երբ ան չի կրնար վեթօ կիրառել այն օրէնքներուն, որոնք կը համարէ պետութեան եւ ժողովուրդի համար ոչ-նպատակայարմար։

Իրականութիւն, երբ նախագահի հնարաւորութիւնները կ՚ընկալուին ո՛չ թէ որպէս առաւելութիւն պետութեան համար, այլ՝ տարբեր քաղաքական խումբերու կողմէ կը դիտարկուին իբրեւ իրենց սպառնացող վտանգ։

Իրականութիւն, ուր նախագահը չի կարողանար իր ներուժի գերակշիռ մասը օգտագործել ի նպաստ համակարգային ներքին եւ արտաքին քաղաքական խնդիրներու լուծման։

Իրականութիւն, ուր աշխարհ կը գտնուի մշտական թիւրպիւլանսի գօտիին մէջ, սակայն նախագահը սահմանադրական գործիք չունի՝ օգնելու իր երկրին։

Իրականութիւն, ուր պետութեան գլուխը եւ երբեմն նաեւ իր ընտանիքը նաեւ կը թիրախաւորուին տարբեր քաղաքական խմբաւորումներու կողմէ։ Վերջիններս այնքան ալ հետաքրքրուած չեն նախագահական կառոյցներու կողմէ ի շահ երկրի իրականացուած ձեռքբերումներով՝ որքան իմ անցեալով, դաւադրութեան զանազան տեսութիւններով եւ առասպելներով։ Իմ անձին դէմ այդ «մտահոգուածութիւնը» դուրս կու գայ նաեւ բարոյականութեան սահմաններէն՝ վերջնական հետեւանքով ուղղակիօրէն բացասաբար ազդելով առողջութեան վրայ։

Ես շատ երկար մտածած եւ որոշած եմ մօտ չորս տարի աշխոյժ աշխատելէ յետոյ հրաժարական տալ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնէն։

Այս որոշումը բացարձակապէս զգացական չէ եւ կը բխի որոշ տրամաբանութենէ։

Նախագահը չունի անհրաժեշտ գործիքներ, երկրի եւ ազգի համար ներկայ բարդ ժամանակներուն ազդելու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան արմատական գործընթացներուն վրայ։

Մեր պետութեան համար այս բարդ փուլին, երբ անհրաժեշտ է համազգային միասնականութիւն, նախագահական կառոյցը պէտք չէ դառնայ բամբասանքներու ու դաւադրութեան տեսութիւններու թիրախ՝ այսպէսով իսկ շեղելով հասարակութեան ուշադրութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներէն։

Այսօր, ինչպէս երբեք, անհրաժեշտ են իմաստալից, խոր մտածուած, կշռադատուած եւ բովանդակալից գործողութիւններ։ Այլապէս մենք՝ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը, չենք հասնիր մեր առաքելութեան նպատակին եւ կը յայտնուինք պատմութեան լուսանցքին։ Մենք այլեւս սխալելու իրաւունք չունինք։

Հուսկ, կը ցանկանամ առանձնակի երախտագիտութիւն յայտնել մեր քաղաքացիներուն եւ սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն՝ երկրի համար այս բարդ ժամանակներուն հաստատակամութիւն, տոկունութիւն, համբերութիւն եւ արիութիւն ցուցաբերած ըլլալու համար։

Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն մեր քաջարի բանակի զինուորներուն եւ սպաներուն, խոնարհումս մեր հայրենիքի համար իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու ընտանիքներուն։

Շնորհակալ եմ նաեւ Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի բոլոր աշխատակիցներուն եւ պետական կառոյցներու իմ գործընկերներուն՝ համատեղ արդիւնաւէտ աշխատանքի համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 24, 2022