ԲԱՐԴ ՊՂՏՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ՝ մտահոգիչ բոլոր հեռանկարներով։ Միջազգային դերակատարներն ալ կը շարունակեն հետաքրքրութիւն ցուցաբերել Լաչինի միջանցքի շրջափակման խնդրին նկատմամբ։ Երէկ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Մօտաւոր անցեալին Պլինքըն զրուցած էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ Ուաշինկթընէն տեղեկացուած էր, որ պետական քարտուղարը կը նախատեսէր նաեւ Ատրպէյճանի ղեկավարին հետ զրուցել։ Ուրեմն, երէկ տեղի ունեցած է այդ սպասուած հեռախօսազրոյցը։ Էնթընի Պլինքըն Իլհամ Ալիեւին յորդորած է անյապաղ ապաշրջափակել Լաչինի միջանցքը՝ առեւտրային ապրանքներու շարժը վերականգնելու եւ մարդասիրական ճգնաժամի ռիսքը նուազեցնելու համար։ Ուաշինկթընի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Պլինքըն ընդգծած է, որ Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակէն ծնունդ առած մարդասիրական ճգնաժամը կը խաթարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հեռանկարները։ Ան նախագահ Ալիեւին յորդորած է կրկնապատկել ջանքերը՝ Հայաստանի հետ երկկողմանի խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ»։

Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքի այս կարեւոր իրադարձութեան զուգահեռ, երէկ, Երեւան-Պրիւքսել առանցքին վրայ ալ երթեւեկը բանուկ էր։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան դէպի Պրիւքսել աշխատանքային ուղեւորութեան շրջանակին մէջ ունեցաւ կարեւոր հանդիպումներ։ Մինչ այդ, Հարաւային Կովկասի գծով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն ալ երէկ հիւրընկալուեցաւ Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Եւրոպացի պաշտօնատարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ այլ պաշտօնատարներու հետ։ Այս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Լաչինի միջանցքի փակումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակը առաջնահերթօրէն քննարկման առարկայ դարձաւ։ Փաշինեան Քլաարի հետ զրուցելու ընթացքին մանրամասնօրէն թուարկեց շրջափակեալ Արցախէն ներս մարդասիրական ծանր կացութեան հասած համեմատութիւնները։

Իսկ նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսելի մէջ երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Տէյվիտ Մաքէլիսթերի, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի եւ Պելժիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպի հետ։ Այս բոլոր քննարկումներուն ժամանակ եւս Լաչինի միջանցքի տագնապը դարձաւ քննարկման առաջնահերթ նիւթ։ Հարկ է նշել, որ այսօր Արարատ Միրզոյեան ելոյթ մը կ՚ունենայ Եւրոխորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի ժողովին ընթացքին։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արարատ Միրզոյեան եւ Եէնս Սթոլթենպերկ կարծիքներ փոխանակեցին՝ ընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ տարածաշրջանային կամ միջազգային բնոյթով անվտանգութեան հարցերու շուրջ։

Նախարարը ընդհանուր քարտուղարին ներկայացուց նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերջին վիճակը։ Կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Երեւանի եւ ՆԱԹՕ-ի քաղաքական երկխօսութեան մակարդակին կապակցութեամբ, անդրադարձան ապագայ հեռանկարներուն։

Միրզոյեան Սթոլթենպերկի նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքը փակուած է ապօրինի ձեւով եւ այս պատճառով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած է մարդասիրական տագնապ։ Ըստ իրեն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Լեռնային Ղարաբաղը էթնիք զտման ենթարկելու շարունակական քաղաքականութիւն կը վարեն, ինչ որ կրնայ ունենալ հետեւանքներ։ Այս համատեսքին մէջ Միրզոյեան ընդգծեց միջազգային հանրութեան յստակ գործողութիւններու կարեւորութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի անմարդկային պաշարումը դադրեցնելու եւ Ատրպէյճանը բանակցութիւններու սեղան վերադարձնելու նպատակով։

Հարկ է նշել, որ Երեւան-Պրիւքսել այս խտացեալ շփումներու մթնոլորտին մէջ յայտարարուած է, որ Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի քաղաքացիական դիտորդական նոր առաքելութիւն մը ուղարկել դէպի Հայաստան՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանամերձ գօտի։

ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, անգլիական «BBC»ն ալ երէկ հարցազրոյց մը հրապարակեց Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ «Մենք կը հաւատանք, թէ ունինք անկախութեան իրաւունք, սեփական հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունք», յայտած է Ռուբէն Վարդանեան յայտարարութիւններուն մէջ։

 

Երեքշաբթի, Յունուար 24, 2023