ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՄԻԱՑՈՒՄ
Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ դէպի Թեհրան պաշտօնական այցելութեան շրջագծով երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Երկու երկիրներուն միջեւ այս շրջագծով ստորագրուեցաւ տասնմէկ նոր համաձայնագիր, որ կը նախատեսէ համագործակցութեան խթանումը։ Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի Թեհրանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Երկու նախագահները գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Թեհրան մեկնելէ առաջ Ալիեւ յայտարարած էր, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան տարածքաշրջանային հարցեր, երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր ոլորտներէն ներս, ու կը ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր։ «Հիւսիս-հարաւ» երկաթուղային միջանցքի իրականացման հարցն ալ պիտի գտնուէր ուշադրութեան կեդրոնին։
Համապատասխան ակնկալութիւններու մթնոլորտին մէջ սկսաւ ազէրի ղեկավարին Թեհրանի շփումները։ Երէկ օրուան տեւողութեան հասած լուրերը ընդհանուր առմամբ համահունչ էին այդ սպասումներուն։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ալիեւի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հասան Ռուհանի յայտնեց, թէ տարածքաշրջանային խնդիրներու լուծումը կը տեսնէ միայն խաղաղ ճանապարհով։ Ըստ իրեն, Իրան դէմ է հակամարտութիւններու ռազմական ճանապարհով լուծման։
Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած տասնմէկ նոր համաձայնագրերու ստորագրման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ, երկու նախագահներու մասնակցութեամբ։ Այդ փաստաթուղթերէն մին ստորագրեցին Իրանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները՝ Մուհամմէտ Ճեւատ Զարիֆ եւ Էլմար Մամէտեարով։ Այդ շրջագծին մէջ առանձնապէս ուշագրաւ կը համարուի երկու երկիրներու միջեւ երկաթուղային ճանապարհներու միացման մասին շրջանակային համաձայնագիրը եւ երկաթուղային կամուրջի մը շինարարութեան ուղղեալ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթը։ Թեհրանի մէջ յայտարարուեցաւ, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի երկաթուղիները կրնան միացուիլ այս տարի իսկ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, երկու նախագահները մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայած են այս նիւթին նկատմամբ։ Հասան Ռուհանի մասնաւորապէս յայտարարած է, որ Իրանի եւ Ատրպէյճանի երկաթուղիները պիտի միանան այս տարի։
Բաց աստի, Թեհրանի մէջ Իլհամ Ալիեւին նոր ծրագիր մը ներկայացուած է Կասպից ծովէ ներս երկու երկիրներու համագործակցութեան շուրջ։ Սա նաւթակազային համագործակցութեան նոր նախագիծ մըն է։ Թեհրանի առաջարկները կը նախատեսեն երկու երկիրներու համագործակցութիւնը, Կասպից ծովու մէջ նաւթակազային հանքահորերու համատեղ շահագործումը, նաւթի եւ կազի առեւտուրի ընդլայնումը, նաւթի փոխանակման վերականգնումը։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը համոզուած է, որ Կասպից ծովու մէջ քարիւղի արդիւնահանման ծախսերը բաւական մեծ են թէ՛ Իրանի եւ թէ կարգ մը հարեւան երկիրներուն համար։ Հետեւաբար, ափամերձ երկիրներու միջեւ համագործակցութիւնը պիտի ապահովէ ծախսերու կրճատումը։