ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Նա­զար Հան­չէր կը տե­ղե­կաց­նէ.-

Հա­յաս­տա­նի մարմ­նա­մար­զի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը այ­սօր կը ժա­մա­նէ Իս­թան­պուլ։ Պալ­քա­նեան մարմ­նա­մար­զի ա­խո­յե­նու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հայ­կա­կան ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նին այս այ­ցը։ Յի­շեալ մրցա­շար­քին ըն­դա­ռաջ խում­բը վա­ղը կը մաս­նակ­ցի շարք մը մաս­նա­ւոր հան­դի­պում­նե­րու։ Հա­յաս­տա­նի Մարմ­նա­մար­զի դաշ­նակ­ցու­թեան Նա­խա­գահ Ռո­պէրթ Էմ­միեա­նի կող­մէ կը գլխա­ւո­րուի խում­բը, որ կ՚ի­ջե­ւա­նի Ե­նի­պոս­նա­յի «Կէօ­նէն» պան­դո­կին մէջ։

Հարկ է նշել, որ Պալ­քա­նեան մարմ­նա­մար­զի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը այս Շա­բաթ՝ Փետ­րուա­րի 27-ին պի­տի սկսի Ա­թա­գիւ­ղի «Սի­նան Էր­տէմ» մար­զա­կան հա­մա­լի­րէն ներս։ Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ըն­դա­ռաջ այս մրցա­շար­քը կը ներ­կա­յաց­նէ կա­րե­ւո­րու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ կը հա­մա­րուի ո­րա­կա­ւոր­ման հանգ­րուան մը։ Ա­նոնք, ո­րոնք այս հան­դի­պում­նե­րուն շրջագ­ծով մաս կը կազ­մեն դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ պի­տի ա­պա­հո­վեն ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն մաս­նակ­ցե­լու ու­ղե­գի­րը։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016