ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ՝ 29-Ը

Ան­գա­րա­յի ա­հա­բեկ­չա­կան ա­հա­ւոր պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն զբա­ղեց­նել հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ ե­րէկ դէպ­քի զո­հե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 29-ի։ Ար­դա­րեւ, պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուե­լով դար­ման­ման տակ առ­նուած Այ­տըն Տէ­տէ­հա­յըր ե­րէկ մա­հա­ցաւ։ Այս­պէ­սով, նա­հա­տակ­նե­րուն թի­ւը բարձ­րա­ցաւ 29-ի, ինչ որ դար­ձաւ յուզ­ման նոր ա­ռիթ մը։

Դէպ­քի հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով աշ­խա­տանք­ներն ալ կ՚ըն­թա­նան թա­փով։ Անվ­տան­գու­թեան ու­ժե­րը եւ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը վերջ­նա­կա­նօ­րէն ստու­գած են, որ դէպ­քը ի­րա­կա­նա­ցու­ցած «կեն­դա­նի ռում­բը» ե­ղած է Ապ­տուլ­պա­քի Սէօ­մէր։ Յար­ձա­կու­մէն ա­ռաջ ի­րեն ու­ղեկ­ցած է Քուտ­պետ­տին Օ­նուր, որ զգա­յա­ցունց ցուց­մունք­ներ տուած է ոս­տի­կա­նու­թեան։ Պայ­թու­մէն ա­ռաջ ա­նոնք եր­կու ան­գամ դէպ­քի վայ­րի մեր­ձա­կայ­քին կա­տա­րած են ստու­գում­ներ։

Բաց աս­տի, հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով հսկո­ղու­թեան տակ առ­նուած է ե­րեք հո­գի եւս։  

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2016