ՀԵՌԱՏԵՍ ՀԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն.-
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երկու օրէ ի վեր կը քննարկուին Պոլսոյ Պատրիարքութեան տեսակէտէ առանցքային հարցեր։ Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացին տեսակէտէ անկիւնադարձային որոնումներ կը կատարուին՝ խտացեալ աշխատանքով։ Քննարկումներու բովանդակութեան մասին տեղեկութիւնները չափազանց սակաւ են, սակայն ընդհանուր տպաւորութիւնը այն է, որ բեկումնային պահը հասունցած է՝ բազմակողմանի քննարկումներով։ Եկեղեցական շրջանակները կը յայտնեն, որ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակեն այսօր։ Այժմ վառ հետաքրքրութեամբ կը սպասուի այդ պաշտօնական յայտարարութեան, որով պիտի ամփոփուին երկօրեայ քննարկումները։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին հետ գլուխ գլխի են Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի հրաժարեալ ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Երէկ, օրուան տեւողութեան մեր համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Ո՛չ միայն մեր համայնքային շրջանակները, այլ նաեւ սփիւռքի զանազան համայնքներու նախկին պոլսահայերը եւ ընդհանրապէս ազգային-եկեղեցական շրջանակները կը սպասէին լուրերու։ Բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս իրադարձութիւններուն վրայ։
Երէկ առաւօտ, Վեհափառ Հայրապետը եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ունեցան առանձնազրոյց մը։ Նորին Սրբութիւնը վերջին օրերուն առանձին հանդիպումներ ունեցած էր միւս երկու սրբազաններուն հետ, հետեւաբար որպէս տրամաբանական շարունակութիւն՝ զրուցեց նաեւ ընդհանուր փոխանորդին հետ։
Մայր Տաճարի Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւններէն վերջ, մայրավանքի համալիրի Հին վեհարանի երդիքին տակ Վեհափառ Հայրապետն ու երեք սրբազանները ձեռնարկեցին քննարկումներու։ Նորին Սրբութիւնը չմասնակցեցաւ իր անուանակոչութեան տօնին առթիւ մայրավանքի միաբանական սեղանատան մէջ սարքուած ճաշին։ Շուրջ երկուքուկէս ժամ ընթացան առաջին փուլի քննարկումները։ Ընթացքին անոնք պահ մը Մայր Տաճար մտան՝ միասնաբար աղօթելու համար ու վերադարձան Հին վեհարան։ Յետմիջօրէին, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Ս. Վարդանանց տօնին ձօնուած մշակութային ձեռնարկի մը։ Ներկայ եղան նաեւ մեր երեք սրբազանները։ Ապա Նորին Սրբութիւնը եւ երեք սրբազանները վերադարձան Հին վեհարան՝ շարունակելու համար աշխատանքը։ Անոնք պարտէզին մէջ քալեցին միասնաբար ու նկատելի էր՝ իւրաքանչիւրին բարձր տրամադրութիւնը։ Մինչեւ երեկոյ ընթացան խորհրդակցութիւնները։
Այս փուլին Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբազանները որոշեցին միջոց մը առանձնանալ ու Նորին Սրբութենէն հրաժեշտ առնելով անցան Վանատուն։ Անոնք երեքով բանակցեցան զանազան մանրամասնութիւններու շուրջ եւ որոշ նրբութիւններու պարագային տեսակէտներ հասունցնելէ վերջ վերադարձան Վեհափառին մօտ։ Օրուան ծանր աշխատանքը աւարտին հասաւ գրեթէ կէս գիշերին։ Հին վեհարանէն դուրս գալով Նորին Սրբութիւնը եւ երեք սրբազանները դարձեալ քիչ մը քալեցին մայրավանքի ձիւնածածկ պարտէզին մէջ։ Գիշերուան անդորրին մէջ օդափոխուելէ վերջ անոնք իրարմէ հրաժեշտ առնելով քաշուեցան հանգիստի։ Իսկ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն, Վեհափառ Հայրապետը եւ երեք սրբազանները քննարկումներու վերաձեռնարկեցին օրուան սկիզբին՝ Հին վեհարանի մէջ նախաճաշն ալ առնելով իրարու հետ։ Թերթս մամուլին յանձնը-ւած պահուն արդէն կը սպասուէր պաշտօնական յայտարարութեան։