ԲԱԶՄԱԼԵԶՈՒ ՊՈԼԻՍԸ

Թոփհանէի Tütün Deposu-ի երդիքին տակ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որ խորագրուած է «Պոլսոյ բազմալեզու մետիան»։ 1990-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը համընկնած ժամանակաշրջանի «միւս» մամլոյ անծանօթ աշխարհը կը ներկայացնէ այս ձեռնարկը, որու ամբողջին մէջ առանձնայատուկ տեղ յատկացուած է հայ մամուլին եւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։ Հայերու, յոյներու, հրեաներու, ալեւիներու, քիւրտերու, լազերու, չերքէզներու եւ տերսիմցիներու պատկանող բազմաթիւ տպագիր լրատուամիջոցներ ներկայացուած են այս ցուցահանդէսով։ Հարիւրաւոր լրատուամիջոցներու տողանցքի ձեւաչափով կազմակերպուած է այս ցուցահանդէսը, որու ամբողջին մէջ առանձնացուած են ընդամէնը տասն «կիզակէտի թերթ»եր։ Հայ մամուլին կողմէ «կիզակէտի թերթ» համարուած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ը։ Նոյն շարքին մէջ դասուած էին յունաց «Ափոեւմաթինի», հրէից «Շալոմ», լազերու «Օկնի», քիւրտերու «Նուպիհար», չերքէզներու «Ժընենս», հեմշինցիներու «Կոր», «Տերսիմ», «Պոշնաք տիւնեասը» եւ քրսիտոնէական «Միրաս» թերթերը կամ պարբերականները։

Բազմալեզու Պոլիսը ցոլացնող այս ծրագրի թիրախաւորած ժամանակաշրջանը թէեւ 1990-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը համընկնած ժամանակաշրջանն էր, սակայն փոքրամասնութիւններու մամուլը այնքան խոր անցեալ մը եւ հարուստ աւանդութիւն մը կը մարմնաւորէ, որ ակամայ խախտուած են այդ սահմանները, ինչ որ միեւնոյն ժամանակ մեծ խորք մը եւ ճոխութիւն մը ապահոված է ծրագրին։

Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Պիլկի» համալսարանի, Բաց հասարակութեան հիմնարկի, «Անատոլու քիւլթիւր»ի եւ Իսթանպուլի մէջ Շուէտի աւագ հիւպատոսութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ։ Մասնագիտական ուսումնասիրութիւնը կատարուած է խումբ մը ակադեմականներու կողմէ, որոնք են՝ Պիւլենտ Պիլմէզ, Պուրճու Եըլմազ Կիւնտիւզ, Էլիֆ Եըլտըզ, Էմրէ Թանսու Քեթէն, Կիւլ Հիւր եւ Զէյնէփ Եշիմ Կէօքչէ։ Ցուցահանդէսի ծրագրաւորումը իրականացուցած է Ահմէտ Էօզկիւնէր։ Էնսթալասիոնը կատարած է Պիլալ Եըլմազ։ Տպագիր գործերու ձեւաւորումը իրականացուցած են Արէտ Պետիկեան եւ Էմրէ Թանսու Քեթէն։ Տեսանիւթերու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է Չաղլար Թոքատլը։ Այս ցուցահանդէսը իրականացուած է Իսթանպուլի մօտ մշակութային բազմազանութեան հետամուտ քաղաքացիական հասարակութեան դերակատարներու խրախուսման եւ ներուժի զարգացման ծրագրի ամբողջին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի ցուցահանդէսի նախաձեռնարկ չորս կառոյցներուն կողմէ։

Ցուցահանդէսի նպաստողներու շարքին գտնուած են մեր համայնքէն զանազան անուններ կամ հաստատութիւններ. օրինակ՝ Արա Գօչունեան, Այլին Պեշիրեան, «Հրանդ Տինք» հիմնարկը, Մասիս Քիւրքճիւկիլ, Բիւզանդ Աքպաշ, Սեւան Աթաօղլու, Սեւան Տէյիրմենճեան, Եդուարդ Տանձիկեան, Զաքարիա Միլտանօղլու եւ այլք։

Ցուցահանդէսի այցելուները «միւս» մամուլի վերաբերեալ պատկերացում կը կազմեն ճոխ նիւթերով։ Պատերուն վրայ զետեղուած մեծադիր պաստառները կը ցոլացնեն զանազան լրատուամիջոցներ եւ ցուցահանդէսի ծրագրին մէջ ընդգրկուած հաւաքականութիւններու մամուլին վերաբերեալ բազմակողմանի բացատրութիւններ։ Իսկ ապակեայ ցուցափեղկերու մէջ ներկայացուած են տուեալ լրատուամիջոցներէն օրինակներ։ Այս ամբողջին մէջ «կիզակէտի թերթեր»ու պարագային թիւով ընդամէնը տասն պաստառներ յատկացուած են։ Իւրաքանչիւր «կիզակէտի թերթ»ի պաստառին վրայ կը ներկայացուի տեսանիւթ մը, որ կը կրկնուի անընդհատ։ Այդ տեսանիւթը կը ցոլացնէ տուեալ թերթի արտադրութեան միջավայրէն, խմբագրատունէն դրուագներ, գործունէութեան վերաբերեալ յատկանշական լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ գլխաւոր պատասխանատուին հետ տեսագրուած հարցազրոյց մը։ Հետաքրքիրներ պաստառին կցուած ականջակալին միջոցաւ կարելիութիւն կ՚ունենան ունկնդրելու այդ բոլորը։

Երէկ, երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը։ Բացման ընդունելութեան ժամանակ ապահովուած էր, որ ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած թերթերու վերջին թիւերը կարենան տեսնել այցելուները։ Մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Օսմանեան շրջանէն սկսեալ մինչեւ այսօր Իսթանպուլի մէջ մամուլի գործունէութեան վերաբերեալ պատրաստուած մեծադիր ժամանակագրական պաստառը, որու վրայ ներկայացուած էին բոլոր հիմնական իրադարձութիւնները։ Ցուցահանդէսի բացման ընդունելութեան մասնակիցները շրջայցէ վերջ բաժակներ ի ձեռին իրարու հետ բաժնեցին իրենց տպաւորութիւնները ու մանաւանդ ջերմօրէն շնորհաւորեցին ծրագրին ներգրաւուած գիտնականներն ու բոլոր կազմակերպիչները։

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 18 Մարտ։

Շաբաթ, Փետրուար 24, 2018