ՆՈՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու շարքերը շաբաթավերջին համալրուեցան երկու երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամով։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան քահանայ ձեռնադրեց Սեւան Սրկ. Արապեանն ու Սարօ Սրկ. Այվազը։ Մեծ պահոց շրջանի սկիզբին, Բարեկենդանի շաբաթավերջին զուգադիպած ձեռնադրութիւնը հոգեւոր մեծ ուրախութեան առիթ մը դարձաւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին համար։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը, որու ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Սեւան Սրկ. Արապեանը քահանայութեան կոչեց՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան վերանուանումով, իսկ Սարօ Սրկ. Այվազեանը՝ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան վերանուանումով։ Նորին Ամենապատուութիւնը արարողութեան ժամանակ իր հայրական յորդորները յղեց նորաօծ քահանաներուն ու շեշտեց, որ անոնք շուրջ երեք տարուան պատրաստութեան շրջանէ մը պիտի անցնին եւ այդ ընթացքին պիտի ըլլան օժանդակներ։ Ձեռնադրութենէն վերջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամները ջերմ շնորհաւորութիւններ ու եղբայրական ողջոյններ փոխանցեցին նորապսակներուն։

Աթոռանիստ Մայր տաճարի մէջ, Կ. Պոլսոյ Ժողովոյ 150 հայրապետաց տօնին, 22 փետրուար 2020, շաբաթ, ժամը 08.30-ին, սկսան առաւօտեան ժամերգութիւնները։  Իսկ, ժամը 10.30-ին, պատարագիչ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցականաց թափօրով մուտք գործեց տաճարէն ներս։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան, Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան զանազան երգչախումբերէ ժամանած ուխտաւոր դպիրներէ կազմուած միացեալ երգչախումբի կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յովսեփ Ուր. Դպ. Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։ 

Նախքան ճաշու գիրքերու ընթերցումը՝ Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ. սաղմոսներով ու ծնկաչոք բարձրացան եկեղեցւոյ բեմը, ուր խարտաւիլակներ՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան անգամ մը եւս ներկայացուցին ենթակաները վկայելով իրենց վարքին եւ գիտութեան։  

Կանոնական աղօթքներու ընթերցումէն ետք ընծայեալները իրենց երեսը ժողովուրդին դարձան եւ իրենց ձեռքերը վեր բարձրացուցած «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ»ի երգեցողութեամբ հրաժարեցան աշխարհիկ կեանքէ։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ.-ի վրայ ձեռք դրաւ եւ յետոյ ուրարը վիզերէն դարձնելով՝ վերածեց փորուրարի։

Սուրբգրոց ընթերցումներու աւարտին՝ Ս. Պատարագը շարունակուեցաւ մինչեւ «Ողջոյն»ի պահը։ Կարդացուեցան կանոնական աղօթքներ եւ ընծայեալներուն տրուեցան փիլոն եւ պատարագիչի զգեստներ։ Ապա Տրց. Սեւան Սրկ. եւ Տրց. Սարօ Սրկ. զանգակներու ղօղանջներով եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով զգեստաւորուեցան եւ առաջնորդուեցան Ս. Սեղան։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը քահանայական ընծայեալներուն ճակատներն ու ձեռքերը օծեց՝ զանոնք վերակոչելով Սեւան Սարկաւագը՝ Տէր Նաթան, իսկ Սարօ Սարկաւագը՝ Տէր Ներսէս։ Նորապսակ քահանայ հայրերը իրենց անդրանիկ օրհնութիւնները տուին ժողովուրդին։

Յետ օծման՝ Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Հոգին Սուրբ եկեսցէ ի քեզ եւ զօրութիւն բարձրելոյն հովանի լիցի ի վերայ քո» բնաբանով եւ ըսաւ, թէ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր կեանքէն ներս այս խօսքը հրաշք մը գործել սկսաւ եւ Ս. Հոգիին ներգործութեան ազդեցութիւնը տեսանելի դարձաւ։ Քահանայութեան կոչումին մէջ եւս կարեւորութիւնը շեշտեց այդ խօսքին, քանի Ս. Հոգին Աստուած աշխարհական մարդոց մէջ կոչում մը կ՚արթնցնէ եւ եթէ ընծայեալը ընդառաջէ այս կոչումին, Աստուածային հրաշքը տեղի կ՚ունենայ ու նոր մարդ մը ծնունդ կ՚առնէ որպէս հոգեւորական։ Ձեռնադրութեան արարողութեան մէջ տեղի ունեցածը այսպէս բնորոշեց եւ ապա ըսաւ, թէ երկու երիտասարդ ընտանիքի հայրեր, իրենց սրտին մէջ զգալով Տիրոջ ծառայելու կանչը, դիմեցին Պատրիարքական Աթոռ եւ փափաք յայտնեցին քահանայ դառնալ։ Անոնք արդէն ի տղայ տիոց եկեղեցւոյ դպրաց դասերու անդամներ էին եւ վերին իշխանութիւնը քննած էր զիրենք եւ յայտնի դարձած էր, թէ իրենց փափաքը անցողական կամք մը չէր։ Այդ փափաքին որպէս արդիւնք այսօր կը ձեռնադրուէին որպէս եկեղեցւոյ սպասաւորներ։   

Պատրիարք Հայրը ապա յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր քահանայական ձեռնադրութեան մէջ ընծայեալներուն նոր անուն կը տրուի ի նշան նոր մարդ դառնալու։ Ապա բացատրեց նորընծաներուն դրուած անուններուն իմաստները՝ ըսելով. «Նախ պէտք է նշել, թէ երկուքն ալ աշակերտած են Մեսրոպ Պատրիարքին եւ իր առաջնորդութեամբ եկեղեցական գիտելիքներ ամբարած։ Այնուհետեւ անոնք վերակոչեցինք Պատրիարք Հօր հետ առընչուած երկու անունով։ Նաթան անունը կը նշանակէ Աստուծոյ ընծան եւ երկու հոգեւորականներ Պոլսոյ Աթոռին համար դարձած էին ընծաներ։ Այս անունը նաեւ Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ ալ շատ սիրուած էր եւ շատ ատեններ նորածիններու համար Նաթան անունին գործածութիւնը կ՚առաջարկէր։ Իսկ Ներսէս անունը ուղղակիօրէն առընչուած է Ս. Ներսէս Պարթեւ Հայրապետի հետ, որուն յիշատակութիւնը Մեսրոպ Պատրիարքը միշտ վառ պահած է յատկապէս Գնալը կղզիի Ս. Ներսէսեան դպրաց դասով։ Այնուհետեւ կը մաղթենք, որ այս նոր անուններով՝ Աստուծոյ դաշտին մէջ կը դառնաք զօրաւոր որսորդներ, Աստուծոյ խօսքը իւրացնելու եւ բացատրելու տրամադրութեամբ»։

Պատրիարք Հայրը նաեւ յայտնեց, թէ այս ձեռնադրութեամբ Պոլսոյ Աթոռէ ներս կը սկսի նոր շրջան մը եւս, քանի իրենց զարգացման շրջանը պիտի շարունակուի ու անոնք պիտի ստանան զանազան նոր գիտելիքներ եւս։ Ան ըսաւ, թէ այս ուղղութեամբ Աթոռոյ ենթակայ լսարաններ եւ դասընթացքներ պիտի հաստատուին, որպէսզի անոնք եւ իրենց նմաններ հոգեւոր դաշտէ ներս ծառայելու առաւել եւս պատրաստ ըլլան, իրենց եկեղեցւոյ մասին իմաստութեամբ բացատրութիւններ տալու։ Այս ուղղութեամբ խրատեց զիրենք եւ ըսաւ, որ հեռու մնան յատկապէս նիւթապաշտութենէ եւ անշուշտ թէ զանազան աշխարհիկ կեանքէ, որպէսզի ժողովուրդը քահանային մէջ տեսնէ իմաստունը, առաջնորդը եւ հաւատացեալը։ 

Ողջոյնի պահուն, բոլոր հոգեւորականները եկան համբուրելու նորապսակ հոգեւորականներու ճակատներն ու աջերը։

Արարողութեանց աւարտին հաւատացեալներ մօտեցան նորընծաներուն՝ աջահամբոյրով ստանալու համար իրենց օրհնութիւնը։ Իսկ Պատրիարք Հայրը եկեղեցականաց թափօրով եւ «Կենդանարար Աստուած» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի խորհրդարան։

Հոգեւոր արարողութեան աւարտին Գողթան դպրաց դասու ուսումնարանի սրահին մէջ հոգեւորականներուն, նորընծաներու ընտանիքներուն եւ դպիրներուն մասնակցութեամբ սիրոյ սեղան սարքուեցաւ, նախագահութեամբ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Իր սրտի խօսքը արտասանեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ շնորհաւորեց նորընծաները։ Ան յայտնեց, թէ նորընծաները Պատրիարք Սրբազան Հօր որպէս Պատրիարք կատարած առաջին ձեռնադրութեան հունձքերն էին։ Այս առումով մաղթեց, որ այս օրհնաբեր տեսարանը առաւել եւս զարգանայ եւ տարածուի ժողովուրդին վրայ։ Ան իրենց մաղթեց, որ ըլլան մշակներ առանց ամօթոյ։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, որ յայտնեց, թէ ձեռնադրեալները կը ճանչնար երկար տարիներէ ի վեր։ Յատկապէս Տէր Ներսէսը Գնալը կղզիի եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս եղած էր իր մանկութեան ընկերը, որուն հետ առաջին անգամ յաճախած էր եկեղեցի եւ ծանօթացած՝ Մեսրոպ Հայր Սուրբի հետ։ Ուրախ էր, քանի այդ դաշտէն մշակ մը եւս այսօր կը ձեռնադրուէր որպէս քահանայ։ Սիրոյ սեղանի տեւողութեան Տէր Ներսէսի քոյրը՝ Մարալ Չաղլըչուպուքճու մեներգեց ժողովրդական երգեր։ Նաեւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի ձեռնադրութեան տարեդարձը կը զուգադիպէր այս օրուան եւ իրեն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ։ Ինք եւս արտայայտեց իր սրտի խօսքերը եւ յայտնեց ծառայութեան պատրաստակամութիւնը։  Սիրոյ սեղանի աւարտին իրենց սրտի խօսքերը արտասանեցին նաեւ նորընծայ Տէր Նաթան եւ Տէր Ներսէս քահանաները։ Անոնք իրենց կարգին յայտնեցին, թէ գիտակից են քահանայական կարգի սրբութեան եւ կարեւորութեան ու այս ուղղութեամբ միշտ պիտի աշխատին զօրացնելու համար մեր եկեղեցին։ Եկեղեցւոյ մէջ երկար տարիներ ծառայած անձերու համար եւս տարբեր զգացում մըն էր եւ իրենք նկատեցին անկրկնելի եզակի պահ մը։ Անոնք պիտի յիշէին խորանի առջեւ իրենց կատարած ուխտը եւ այս գծով պիտի ջանային իրենց լաւագոյնը ընծայաբերել եկեղեցւոյ։ Արդէն իսկ քառասուն օրեր այս մասին առաւել եւս մտածելու, աղօթելու եւ առաջնորդուելու առիթը պիտի ունենային։ Այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց հոգեւոր ծնողին՝ Պատրիարք Սրբազան Հօր եւ իրենց զօրավիգ բոլոր հոգեւորականներուն, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն։

Հուսկ բանքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը, որ յայտնեց, թէ Պոլսոյ մէջ եկեղեցւոյ ծառը տակաւին չէ չորցած ու այս ձեռնադրութեամբ ծաղկիլ կը սկսէր։ Ան մաղթեց, որ ապագային նոր կոչումներ եւս ըլլան եւ եկեղեցին համալրուի նոր հոգեւոր սպասաւորներով։ Այս առթիւ գնահատեց նորընծաները եւ իրենց ընտանիքները ու իրենց նոր ճամբուն մէջ կարողութիւն մաղթեց։

Տ. Նաթան Քահանայի ձեռնադրութեան կնքահայրն է՝ Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չնարեանն ու երէցկին Լուսի Չնարեանը, իսկ Տ. Ներսէս Քահանայի ձեռնադրութեան կնքահայրն է՝ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Նորընծաները նախքան պաշտօնի ձեռնարկելու՝ Պատրիարքարանի մէջ պիտի բոլորեն իրենց քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2020