5 ՄԱՐՏԻՆ ԳԱԳԱԹ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին տեղեկացուց, որ 5 մարտին քառակողմանի գագաթաժողովի մը պիտի մասնակցի՝ Իտլիպի իրադարձութիւնները քննարկելու համար։ Էրտողանի առընթեր այդ գագաթաժողովին պիտի մասնակցին՝ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ։

Էրտողան շարունակեց Իտլիպի ծանր կացութեան տակ վճռակամ յայտարարութիւններ ընել ու շեշտել, որ Թուրքիա անդրդուելի կը մնայ իր առաջնահերթութիւններուն ուղղութեամբ։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահութեան Հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունն ալ վճռական շեշտով արտայայտուեցաւ Սուրիոյ տագնապի վերջին փուլին շուրջ։ Իր խօսքով՝ Անգարայի համբերութիւնը վաղուց թէեւ սպառած է, սակայն Մոսկուայի համագործակցութեան ուղղութեամբ վստահութիւնը կը շարունակուի։

Այս բոլորը այնպիսի համայնապատկերի մը վրայ կը բիւրեղանան, որ շաբաթավերջին ալ թուրք զինուոր մը նահատակուեցաւ Իտլիպի մէջ։ Ըստ Ֆահրետտին Ալթունի, Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատի սահմռկեցուցիչ արարքները չեն կրնար վհատեցնել Թուրքիան։

Մարտի 5-ին նախատեսուած գագաթաժողովին ընդառաջ, Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ դիւանագիտական խտացեալ շփումներն ալ կը շարունակուին։ Թրքական եւ ռուսական պատուիրակութիւնները այսօր հերթական բանակցութիւններու կը ձեռնարկեն Անգարայի մէջ։ Սա վերջին շրջանի քննարկումներու արդէն երրորդ փուլն է։

Երկուշաբթի, Փետրուար 24, 2020