ԱԼԻԵՒ. «ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ ԿԱԽԵԱԼ Է ՍՏԵՂԾՈՒԱԾ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻ ՃԻՇԴ ԳՆԱՀԱՏՈՒՄԷՆ»

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, որ երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատումը կախեալ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռազմական գործողութիւններու աւարտին ստեղծուած իրավիճակի ճիշդ գնահատականէն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան վերականգնած է միջազգային իրաւունքը, գործնական նոր իրողութիւններ ստեղծուած են տարածքաշրջանի եւ աշխարհի մէջ։ «Կը կարծեմ, թէ տարածքաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հնարաւորութիւններու օգտագործումը մեծաւ մասամբ կախեալ կ՚ըլլայ տարածքաշրջանի երկիրներու, խոշոր պետութիւններու կողմէ այդ իրողութիւններու ճիշդ գնահատումէն», ըսաւ Ալիեւ։

«ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութեան հաղորդումներով, ան աւելցուց, որ Ատրպէյճան այսօր պատրաստակամութիւն կը դրսեւորէ փակելու թշնամանքի, ատելութեան եւ դիմակայութեան էջը։ Ըստ իրեն, իրենք արդէն անցած են տարածքաշրջանի վերականգնման գործընթացի իրականացման։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021