ԱՆԶՍՊԵԼԻ ՀԱԿԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ հակազդեցութեան անզսպելի ալիք մը ստեղծուած է՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ, երբ երկիրը քաղաքական տագնապ մը կը դիմագրաւէ։ Աղիտալի համեմատութիւններու հասած պարտութեան հետեւանքները մէկ կողմէ ընկճած են ժողովուրդի որոշ մասը, իսկ միւս կողմէ պոռթկում յառաջացուցած են ժողովուրդի մնացեալ մասին մօտ։ Ստեղծուած այս հակասական պայմաններուն ներքեւ երկրի միացեալ ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերը վերջին օրերուն դարձեալ կը բնորոշեն օրակարգը։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցեր եւ իրերայաջորդ բողոքի երթեր կ՚իրականացնէ Երեւանի մէջ՝ միշտ հետամուտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին։

Երէկ կէսօրուան ժամերուն Նիկոլ Փաշինեան վարչապետարանի հարեւանութեամբ գտնուող կառավարական շէնքերէն մին պիտի այցելէր։ Քալելու հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր այդ շէնքը։ Ցուցարարներ փափաքեցան արգիլել վարչապետին տեղափոխութիւնը։ Ոստիկանութիւնը անհաւատալի միջոցներ ձեռք առաւ եւ խիստ քայլերու դիմեց ցուցարարներուն դէմ։ Ի վերջոյ, վարչապետը յաջողեցաւ այդ ճանապարհը ոտքով կտրել ու վերադառնալ։ Յամենայնդէպս, մամուլէն կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ սա խայտառակ զբօսանք մըն էր։ Արդարեւ, կառավարութեան մէկ շէնքէն միւսը «երկրի թիւ մէկ պահպանեալը» բազմաթիւ հայհոյանքներու եւ սուլոցներու ներքեւ գացած ու վերադարձած է իր աշխատասենեակը։ Ժամանակին քաղաքացիներու մէջ ազատ շրջող, հեծանիւով աշխատանքի գացող Նիկոլ Փաշինեանի ականջին արդէն սովորական դարձած են վանկարկումները՝ իր դաւաճանութեան մասին։

Ըստ վերջին լուրերուն, այս առաւօտ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան նաեւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։

Մինչ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին, մամուլը կը շեշտէ, որ Հայաստանէ ներս անիշխանութիւն կը տիրէ եւ իրավիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 24, 2021