ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի ընդհանուր առմամբ դրական սպասումներու մթնոլորտով։ Անգարա֊Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ բանակցութիւններ վարելու համար նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի երկրորդ հանդիպումը այսօր տեղի կ՚ունենայ Վիեննայի մէջ։ Անոնց առաջին ժամադրութիւնը կազմակերպուած էր անցեալ ամիս Մոսկուայի մէջ։ Այժմ, այսօր արդէն կը յաջորդէ իրենց երկրորդ տեսակցութիւնը, որու արդիւնքներուն կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Մինչ այդ, մօտաւոր ապագային նախատեսուած է Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումը, որուն եւս Թուրքիոյ կողմէ հրաւիրուած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուբէն Ռուբինեան։ Երեւանի ղեկավարութիւնը մօտաւոր անցեալին տեղեկացուցած էր, որ այդ հաւաքին մասնակցութեան վերաբերեալ որոշումը պիտի տրուի Վիեննայի հանդիպման արդիւնքներու լոյսին տակ։ Հետեւաբար, յատուկ ներկայացուցիչներու այս օրուան երկրորդ հանդիպումէն անմիջապէս վերջ, Անթալիայի դիւանագիտական ֆորումն ալ կրնայ նոր հարթակի մը վերածուիլ՝ Թուրքիա-Հայաստան շփումներուն տեսակէտէ։
Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ այսօր կ՚անդրադառնան յատուկ ներկայացուցիչներու երկրորդ ժամադրութեան։ Այսպէս, հաղորդումներուն մէջ դիտել կը տրուի, թէ անոնք կը շօշափեն այն նիւթերը, որոնք կրնան արագացնել սահմաններու բացումն ու յարաբերութիւններու բնականոնացումը՝ ներառեալ դիւանագիտական շփումը։
Սերտար Քըլըչ-Ռուբէն Ռուբինեան այս օրուան հանդիպման ընդառաջ, երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անգարայի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ երկու ղեկավարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձած են Թուրքիա-Հայաստան եւ Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Էրտողան եւ Ալիեւ կանգ առին նաեւ Ուքրայնայի տագնապին վրայ։ Անոնք շօշափեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը, Թուրքիա-Ատրպէյճան համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ հանգամանքներ ու վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը, որպէսզի տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ վարուին համակարգուած ձեւով։
Բաց աստի, Էրտողան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու ընթացքը շօշափած է նաեւ՝ վերջին օրերուն Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայէրի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին։
Միւս կողմէ, դէպի Ափրիկէ ուղեւորութենէ վերադարձին նախագահ Էրտողան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերուն շուրջ։ Նախագահին խօսքով՝ Թուրքիա աւելի քայլեր պիտի առնէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։ Յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումով սկսած գործընթացի տեւականացման ուղղութեամբ վճռակամ է թրքական կողմը։ Թէ՛ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ թէ Կովկասէ ներս տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակ մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ Թուրքիա պատրաստակամ է աւելի քայլեր առնելու։ Նախագահը յիշեցուց նախապէս իր կատարած յայտարարութիւնը, ըստ որու Հայաստանի դրական քայլերուն նոյն ձեւով պիտի փոխադարձէ Թուրքիան։ «Այս տարածաշրջանը խաղաղութեան, կայունութեան ու բարգաւաճման կարիքն ունի։ Այս հասկացութիւնով անկեղծ ջանքեր գործադրեցինք մեր երկիրներու միջեւ բնականոնացման գործընթացի մը մեկնարկին համար։ Ատրպէյճանի նախագահ, իմ եղբայր Իլհամ Ալիեւն ալ այս բանը օգտակար կը համարէ։ Մենք գոհ ենք Հայաստանի՝ մեզի հետ բնականոնացման կամքէն։ Թուրքիա կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան տեւականացնէ դրական մօտեցումը։ Մենք գիտենք, որ Հայաստան ունի շօշափելի զգացումներ. ինչպէս՝ սահմաններու բացում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում։ Եթէ Հայաստան վճռակամ է յատուկ ներկայացուցիչներով սկսած գործընթացը յառաջ տանելու, ապա մեր տեսակէտէ խնդրոյ առարկայ պիտի չըլլայ դռներու փակ պահուիլը», նշեց նախագահը։
Յայտարարութիւններուն տեւողութեան Էրտողան ընդգծեց, որ Թուրքիա կողմնակից է տարածաշրջանային համագործակցութեան հարթակի եւ Հայաստանի հետ խնդիրները համագործակցութիւնով յաղթահարելու։ Ըստ Էրտողանի, այս առումով Ատրպէյճան-Հայաստան յարաբերութիւններն ու Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացը կրնան յառաջանալ զիրար խրախուսելով։ «Նոյն ձեւով մեր ալ տարածաշրջանի վերաբերեալ մտածումները, համագործակցութիւնը այս երկու գործընթացները կրնան խրախուսել եւ սնել։ Բոլորը պէտք է դրական վերաբերմունք ցուցաբերեն՝ այս պատմական հնարաւորութիւնը արժեւորելու համար։ Ինչպէս եղած է մինչեւ այսօր, պիտի շարունակենք այս ամբողջ գործընթացները յառաջ տանիլ Ատրպէյճանի հետ սերտօրէն համակարգելով», եզրակացուց Էրտողան։