ԼԵՌՆԵՐՈՒՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՇԱԲԱԹ
Երեւանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ եւ Զուիցերիոյ դեսպան Լուքաս Կասէր երէկ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Երկու դեսպանութիւններուն նախաձեռնութեամբ Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Լեռներուն ձօնուած շաբաթ» խորագրեալ ձեռնարկներուն շարքը։ Ֆրանսական դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցած ասուլիսով ազդարարուեցաւ ծրագրին սկիզբը։ Նախագիծը մաս կը կազմէ Ֆրանսախօսութեան շարժման։
Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ այս առթիւ նշեց, թէ սոյն նախաձեռնութեան իրականացման համար տարած են բաւական երկար աշխատանք եւ երջանիկ կը զգան սոյն ներդրման համար։ Իր կարգին, Լուքաս Կասէրն ալ յայտնեց, թէ ծրագրի անուանումը պատահական չէ։ «Թէ՛ Հայաստանը եւ թէ Զուիցերիան լեռնային երկիրներ են։ Զուիցերիոյ տարածքին 70 տոկոսը կը կազմեն լեռները եւ մեր պատմութիւնը պայմանաւորուած է այդ աշխարհագրական առանձնայատկութեամբ։ Հայաստանի պատմութիւնը նոյնպէս առանձնայատուկ է՝ որպէս լեռնային երկիր», ըսաւ ան։
Միւս կողմէ, երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին զուիցերացի դեսպանը տեղեկացուց, որ իր երկրէն պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի յառաջիկայ Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներուն Երեւանի մէջ։