ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅ ՄԸ ԶՈՀՈՒԱԾ
Հալէպի մէջ վերջին օրերուն սաստկացած են բռնութիւնները։ Քաղաքի քանի մը շրջաններէն ներս ապրուած ահաւոր ռմբակոծումները հերթական անգամ ունեցած են աղիտալի հետեւանքներ։ Այս պայմաններուն ներքեւ, երէկուան դէպքերուն հայ մըն ալ զոհ գնաց Հալէպի մէջ։
«Գանձասար» շաբաթաթերթի աղբիւրները վկայակոչելով՝ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ երէկուան դէպքերուն հետեւանքով մահացած է Վարդան Մոմճեան։
2012 թուականի ամրան ամիսներէն ի վեր Հալէպի մէջ սաստիկ բախումներ կ՚ընթանան Սուրիոյ կառավարական ուժերուն եւ զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ։ Քաղաքը կը գտնուի երկու կողմերու ալ թիրախին ու ցարդ այնտեղ չեն դադրած բախումներն ու անոնցմով պայմանաւորուած մարդկային ողբերգութիւնը։ ՄԱԿ-ի տուեալներով, Սուրիոյ առկայ ներքին պատերազմի մօտաւորապէս չորս տարիներուն ընթացքին զոհերուն թիւը գերազանցած է 220 հազարի սահմանը։ Այս ամբողջին մէջ բախումներուն զոհ գացած հայերուն թիւն ալ գերազանցած է հարիւրը։