ՀԲԸՄ-Ի 88-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ԸՆԴԳՐԿԷ ԶՐՈՅՑՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ ՄԸ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) 88-րդ ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքները հասած են վերջին փուլին։ Հայաստանի մէջ 27 Մարտ-6 Ապրիլ թուականներուն պիտի գումարուի ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովը, որու ծրագիրը ընթացիկ քննարկումներուն առընթեր պիտի ընդգրկէ երկու կարեւոր ձեռնարկ։
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի աղբիւրներու հաղորդումներով, այս ձեռնարկներէն մին է Ապրիլի 4-ի երեկոյեան նախատեսուած հանդիսաւոր համերգը։ Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենայ այս երեկոյթը, որ պիտի համախմբէ համագու-
մարի մասնակիցները, Հայաստանի ղեկավարութիւնը եւ այլ հիւրեր։
Միւս ձեռնարկը կը կոչուի «ՀԲԸՄ զրոյցներ»։ Այս կարեւոր ձեռնարկը զրոյցներու շարք մըն է՝ ընդհանուր քննարկման հարթակ մը ստեղծելու հետամուտ։ Կազմակերպիչները այս շարքով որդեգրած են մասնակիցները ոգեւորելու, ներշնչելու նպատակը, նաեւ ներգրաւելու ազգի զարգացման շուրջ գաղափարներ ու ծրագրեր առաջարկելու, անոնց իրագործման ուղիները մշակելու գործին մէջ։ Սոյն զրոյցներուն շրջագծով ելոյթներ պիտի ունենան Հայաստանի եւ Սփիւռքի կամ օտար հսկայ կրթական հաստատութիւններու, հիմնարկներու, պետական կամ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Առաջին զրոյցը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 1-ին, «Ա» դպրոցին մէջ, «Մարդկային ներուժը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» նիւթին շուրջ։ Ապրիլի 2-ին, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ նախատեսուած երկրորդ զրոյցին նիւթը պիտի ըլլայ՝ «Հայկական պետականութեան կերտման մարտահրաւէրները»։ «UWC Դիլիջան» միջազգային դպրոցի համալիրէն ներս Ապրիլի 3-ին տեղի պիտի ունենայ երրորդ զրոյցը՝ «Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդում» նիւթին շուրջ։
Այս քննարկումներուն մասնակցութիւն պիտի բերեն ՀԲԸՄ-ի 88-րդ համագումարի ներկաները, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն շահագրգիռ անձեր։
«Մարդկային ներուժը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ» խորագրեալ քննարկման հիմնական ատենախօսները պիտի ըլլան Արամ Սալաթեան, Արմէն Տէր-Կիւրեղեան, Եւա Հիւսեան, Տ. Մեսրոպ Քհնյ. Արամեան եւ Սեմ Սիմոնեան։
«Հայկական պետականութեան կերտման մարտահրաւէրները» խորագրեալ քննարկման հիմնական ատենախօսները պիտի ըլլան Արմէն Յարութիւնեան, Արփի Պալեան, Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն), Վիգէն Սարգսեան (Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավար) եւ Տարօն Աճէմօղլու (տնտեսագէտ, MIT)։
«Հայութեան միջազգային դիրքերու ամրապնդում» խորագրեալ քննարկման հիմնական ատենախօսները պիտի ըլլան Թիմ Սթրէյթ, Ռուբէն Վարդանեան, Վազգէն Գալայճեան եւ Վիքթորիա Ասլանեան։
Այս քննարկումներուն մասնակցելու համար կազմակերպիչներուն կողմէ սահմանուած է արձանագրութեան ժամկէտ։