ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՉԻՆԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր պետական այցելութեամբ կը մեկնի Փեքին, ուր կը հիւրընկալուի Չինաստանի Նախագահ Սի Ծինփինի կողմէ։ Հայաստան-Չինաստան բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան Փեքինի մէջ, ուր նախատեսուած է նաեւ երկու երկիրներու միջեւ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ամրապնդման ու զարգացման ուղղեալ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն։
Այցելութեան շրջագծով նախատեսուած են նաեւ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումները Չինաստանի Ժողովրդական ներկայացուցիչներու համաչինական ժողովի մշտական կոմիտէի նախագահ Ճանկ Տըծեանի եւ Չինաստանի Վարչապետ Լի Քեցեանի հետ։ Նախագահ Սարգսեան կը հիւրընկալուի նաեւ Փեքինի համալսարանէն ներս, ուր հանդէս կու գայ ելոյթով մը։
Դէպի Չինաստան պետական այցելութեան շրջանակներէն ներս Սերժ Սարգսեան շաբաթավերջին պիտի մասնակցի նաեւ Ասիոյ հեղինակաւոր Պուայոյի միջազգային համաժողովին։
Միւս կողմէ, Փեքին ուղեւորուելէ առաջ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ մէկտեղուեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժայի եւ ՀԱՊԿ-ի Միացեալ սպայակոյտի պետ զօրավար Ալեքսանտր Սթուտենիքինի հետ։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան։ Զրուցակիցները քննարկեցին ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ Առանձնապէս ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ-ի հաւաքական խաղաղապահ ուժերու համատեղ զօրավարժութեան նախապատրաստութիւններուն ընթացքը։ Կողմերը կարծիքի փոխանակումներ ունեցան նաեւ Կովկասի տարածքաշրջանային անվտանգութեան ապահովման վերաբերեալ հարցերուն շուրջ։