Երեքշաբթի 3, Դեկտեմբեր 2024
ՃԱՆԵԼԻԾԷԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ այսօր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէ երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան, ուր կը հիւրընկալուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Եդուարդ Նալպանտեան եւ Միխէիլ Ճանելիծէ կը վարեն բանակցութիւններ, որոնց աւարտին կը սարքեն համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Վրացի նախարարը կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։
Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016