ՅԱՌԱՋԸՆԹԱՑԻ ՅՈՅՍԵՐ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճոն Քե­րի շփում­ներ ու­նե­ցաւ Մոս­կուա­յի մէջ, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Մոս­կուա եւ Ո­ւա­շինկ­թըն յա­ջո­ղած են յա­ռա­ջըն­թա­ցի հաս­նիլ բազ­մա­թիւ բարդ հար­ցե­րու շուրջ։ Ա­մե­րի­կա­ցի պե­տա­կան քար­տու­ղա­րը շեշ­տեց, թէ Սու­րիոյ մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թիւն հասց­նե­լու եւ այն­տեղ բռնու­թիւն­նե­րուն վերջ դնե­լու ուղ­ղու­թեամբ անհ­րա­ժեշտ է ը­նել ա­ւե­լին։ «Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը տա­կա­ւին փխրուն է, բայց կը պահ­պա­նուի», ը­սաւ Քե­րի եւ ա­ւել­ցուց, թէ ի­րենք սեր­տօ­րէն կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին Ռու­սաս­տա­նի հետ, նե­րա­ռեալ աշ­խա­տան­քը Մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թեան խում­բին մէջ։ Քե­րի շեշ­տեց, թէ կրճա­տուած է Սու­րիոյ մէջ բռնու­թեան մա­կար­դա­կը։ «Գու­ցէ ոչ այն­քան հե­ռու, որ­քան փա­փա­քե­լի պի­տի ըլ­լար, բայց բազ­մա­թիւ բարդ հար­ցե­րու շուրջ կա­րե­լի ե­ղած է հաս­նիլ յա­ռա­ջըն­թա­ցի», ը­սաւ Քե­րի։

Միւս կող­մէ, ԵՄ-ի գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի յայտ­նեց, թէ Սու­րիոյ մէջ հրա­դա­դա­րը կը պահ­պա­նուի, այժմ հնա­րա­ւոր է ընդ­լայ­նել մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան փո­խադ­րու­թեան մի­ջանցք­նե­րը ու խա­ղա­ղու­թիւ­նը վեր­ջա­պէս դար­ձած է կա­րե­լի։ Անհ­րա­ժեշտ է բո­լոր կող­մե­րը հա­մո­զել՝ սկսե­լու հա­մար քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թա­ցի։

Բաց աստի, Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ Անգլիոյ Վարչապետ Տէյվիտ Քեմըրընն ալ երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը նման օրակարգով։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016