ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ շփումներ ունեցաւ Ստեփանակերտի մէջ, ուր Արցախի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այս առթիւ Նալպանտեան հանդիպումներ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանգամանալից զրոյց տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ այս ուղղութեամբ Արցախի, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերուն։
Ստեփանակերտի մէջ Նալպանտեան Արցախի Պետական համալսարանէն ներս մէկտեղուեցաւ դասախօսական կազմի եւ ուսանողութեան հետ՝ պատասխանելով բազմաթիւ հարցումներու։ Այս առթիւ ան ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է իրականութեան զգացումը։
«Ծուռ հայելիներու թագաւորութիւն ստեղծուած է այդ երկրին մէջ, որու ղեկավարները նայելով այդ հայելիներուն, կը հրճուին իրենք իրենց մօտ եւ այլոց կոչ կ՚ուղղեն՝ ապրիլ նման ծուռ հայելիներու աշխարհի մէջ», ըսաւ Եդուարդ Նալպանտեան։