ՕՔՍԷՆ ԽԱՉԱՆԵԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԻՏԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ

Պէ­յօղ­լուի մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցած ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թու­մին հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րուած մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րէն Օք­սէն Խա­չա­նեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն պի­տի են­թար­կուի վի­րա­հա­տու­թեան։ Ըստ իր ըն­տա­նի­քին կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, Օք­սէն Խա­չա­նեան վեր­ջին օ­րե­րուն ան­ցած է բժշկա­կան հեր­թա­կան քննու­թե­նէ՝ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ, ուր տե­ղի ու­նե­ցած է իր դար­մա­նու­մը։ Հա­ղոր­դած էինք, որ ներ­կա­յիս ձախ ձեռ­քի ե­րեք մատ­նե­րը չեն զգար։ Բժիշկ­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն դար­մա­նու­մի մը ձեռ­նար­կած էին իր մատ­նե­րու զգա­ցո­ղու­թիւ­նը վե­րա­կանգ­նե­լու հա­մար, սա­կայն դժբախ­տա­բար ակն­կա­լուած ար­դիւն­քը չէ ա­պա­հո­վուած։ Այս պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ան­խու­սա­փե­լի դար­ձած է Օք­սէն Խա­չա­նեա­նի գոր­ծո­ղու­թեան են­թար­կուի­լը։

Ըստ իր ըն­տա­նի­քէն ստա­ցած մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն, վիա­հա­տու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին՝ Շիշ­լիի «Էթ­ֆալ» հի­ւան­դա­նո­ցին մէջ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2016