«ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԷՏՔ Է ԱՒԵԼԻ ԱՆԿԱԽ ԸԼԼԱՅ ԱՄՆ-ԷՆ»
Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտնեց, որ Եւրոպա պէտք է աւելի անկախ ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ Rheinische Post թերթին համար գրի առած յօդուածին մէջ գերմանացի նախարարը նշեց հետեւեալը. «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութիւնը Անդրատլանտեան հանրակցութեան հիմքն է, բայց Եւրոմիութիւնը պէտք է ի վիճակի ըլլայ ինքնուրոյն կարգաւորելու այն ճգնաժամերն ու հակամարտութիւնները, որոնք ի յայտ կու գան իր հարեւանութեամբ»։
Զիկմար Կապրիէլի համոզմամբ, հակառակ բոլոր ճգնաժամերուն ու տկարութիւններուն, Եւրոմիութիւնը աշխարհի երբեւէ տեսած ամենայաջող նախագիծն է այն առումով, որ կը վերաբերի ազատութեան, խաղաղութեան եւ բարեկեցութեան։