«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱԹԱ»Ի ՓԱՌԱՏՕՆ՝ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Ա­խալց­խա­յի, Վրաստան, Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ՝ օրհ­նու­թեամբ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ․ Վազ­գէն Եպսկ․ Միր­զա­խա­նեա­նի՝ քա­ղա­քին մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ տե­ղի ու­նե­ցած է «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նը, որ կը տօ­նուի քառասնօրեայ Մեծ պահ­քի Մի­ջին­քին:

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ ե­ղած են Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Թիֆ­լի­զի պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ Սրբա­զան Հօր ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ՋԱՀ-ի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­շոտ Յա­կո­բեան, Ա­խալց­խա­յի քա­ղա­քա­պետ Վլա­տի­միր Զետ­կի­նի­ծէ, Սակ­րե­պու­լո­յի նա­խա­գահ Դա­ւիթ Լո­մի­ծէ եւ այլ պաշ­տօ­նեա­ներ ու հիւ­րեր:

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին՝ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեան իր օրհ­նու­թեան խօս­քը փո­խան­ցած է հա­ւա­տա­ցեալ հա­յոր­դի­նե­րուն եւ օրհ­նած հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն կող­մէ պատ­րաս­տուած գե­ղե­ցիկ գա­թա­նե­րը: «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նին ներ­կա­յա­ցուած է նաեւ Ա­խալց­խա­յի ա­ւան­դա­կան գա­թան, որ բո­լոր գա­թա­նե­րու շար­քին կը հա­մա­րուի ա­մե­նա­հա­մե­ղը եւ ու­նի յա­տուկ պատ­րաստ­ման ե­ղա­նակ:

Օրհ­նուած գա­թա­նե­րը բա­ժ­նուած են ներ­կա­նե­րուն:

Նոյն օ­րը, ար­դէն 6-րդ ան­գամ, «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նը կա­յա­ցած է նաեւ  Ա­խալ­քա­լա­քի Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ Սամց­խէ-Ջա­ւախ­քի եւ Ծալ­կա­յի ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ Տ. Բաբ­գէն Վրդ. Սալ­բիեա­նի ու մաս­նակ­ցու­թեամբ Ա­խալ­քա­լա­քի եւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­ներ՝ Տ. Ե­ղի­շէ Ա. Քհնյ. Յա­րու­թիւ­նեա­նի, Տ. Տա­թեւ Քհնյ. Մա­րու­քեա­նի ու Տի­լիս­կա­յի եւ յա­րա­կից գիւ­ղե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Տիգ­րան Քհնյ. Մխի­թա­րեա­նի կա­տա­րուած է հան­դի­սա­ւոր ժա­մեր­գու­թիւն:

Ա­պա ա­րա­րո­ղա­կար­գը շա­րու­նա­կուած է Մի­ջին­քի եւ ա­ւան­դա­բար Ջա­ւախ­քի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող «Հայ­կա­կան գա­թա» փա­ռա­տօ­նի մա­սին կարճ ակ­նար­կով, որ­մէ ետք՝ ե­րաժշ­տա­կան հա­մա­րով՝ հան­դէս ե­կած է ուխ­տագ­նա­ցու­թեամբ Ջա­ւախք մեկ­նած Ար­մա Գա­լո­յեան: Ար­դէն երկ­րորդ տա­րին է, որ փա­ռա­տօ­նին իր ե­լոյ­թով կը փայ­լի Ա­րա­րա­տեան Հայ­րա­պե­տա­կան Թե­մի «Ծաղ­կա­զարդ» խում­բը, որ Ջա­ւախք մեկ­նած էր Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ ու Տ. Բաբ­գէն Վրդ. Սալ­բիեա­նի օրհ­նու­թեամբ: Հա­մեր­գա­յին մա­սի ա­ւար­տին՝ հո­գե­ւոր դա­սուն կող­մէ կա­տա­րուած է գա­թա­նե­րու օրհ­նու­թեան կարգ:

Հոծ բազ­մու­թիւն մը հա­ւա­քուած է նաեւ Նի­նոծ­մին­տա­յի Ս. Սար­գիս 
ե­կե­ղե­ցիին, գա­ւի­թին եւ «Ռա­ֆա­յէլ Ջա­ւախ» կրթամ­շա­կու­թա­յին կեդ­րո­նին մէջ:
 Նա­խորդ օրն իսկ այս­տեղ բե­րուած են մրցոյ­թին ներ­կա­յա­ցուած գա­թա­նե­րը, ո­րոնք շա­րա­կան­նե­րու ու­ղեկ­ցու­թեամբ հա­սած են ե­կե­ղե­ցի: Այս­տեղ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Ար­մաշ Քհնյ. Պօ­ղո­սեան օրհ­նած է գա­թա­նե­րը, ա­նոնց «հե­ղի­նակ­ներ»ն ու ներ­կա­նե­րը:

Մինչ յանձ­նա­ժո­ղո­վը կ՚ընտ­րէր լա­ւա­գոյն գա­թա­նե­րը, երգ­չա­խում­բը եւ կեդ­րո­նի պա­րա­խում­բը բա­ցօ­թեայ գողտ­րիկ հա­մերգ սար­քած են հան­րու­թեան հա­մար:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017