ԼՈՒՐՋ ԱՆՀԱՆԳՍՏՈՒԹԻՒՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յայ­տա­րա­րեց, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու եւ Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ ԵՓԿ-ին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ցաւ կը պատ­ճա­ռէ Թուր­քիոյ։

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Ապ­րի­լի 16-ի հան­րա­քուէին ըն­դա­ռաջ Էր­տո­ղան ու­ղիղ ե­թե­րով տե­սասփ­ռուած հար­ցազ­րոյ­ցով մը հան­դէս ե­կաւ «CNN Türk» եւ «Kanal D» հե­ռուս­տա­կա­յան­նե­րէն։ Պա­տաս­խա­նե­լով լրագ­րող Հա­քան Չե­լի­քի հար­ցում­նե­րուն՝ ան անդ­րա­դար­ձաւ երկ­րի ար­տա­քին ու ներ­քին քա­ղա­քա­կան օ­րա­կար­գի զա­նա­զան նիւ­թե­րուն։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Էր­տո­ղան խօ­սե­ցաւ Սու­րիոյ հար­ցին շուրջ։ «Ե­թէ կայ Սու­րիոյ վե­րա­բե­րեալ տրուե­լիք ո­րո­շում մը, այդ մէ­կը կ՚ար­ժե­ւո­րենք Սու­րիա­յէ ներս զար­գա­ցող հա­մայ­նա­պա­կե­րին վրայ։ Ռու­սաս­տա­նի եւ ԱՄՆ-ի կող­մէ ԵՓԿ-ին նկատ­մամբ ցու­ցա­բերուած հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ցաւ կը պատ­ճա­ռէ մե­զի։ ՓԵՏ-ի եւ ՓՔՔ­-ի նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած հե­տաքրք­րու­թիւնն ալ ցա­ւա­լի է մե­զի հա­մար։ Այս բա­նը ը­սած եմ ի­րենց, ուս­տի բաց կը խօ­սիմ։ Այդ տա­րածք­նե­րէն ա­նոնք պէտք է հե­ռա­ցուին։ Կ՚ը­սուի, թէ Սու­րիոյ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ւի­րած է զի­րենք։ Ա­մէն հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռա­ջե­լու պա­րա­գայ մը չկայ։ Աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ այս­պէս բան մը գո­յու­թիւն չու­նի։ Այս բա­նը ա­ռա­ջին հեր­թին ան­հանգս­տու­թիւն կը պատ­ճա­ռէ մե­զի։ Ես 911 քի­լօ­մեթր եր­կա­րու­թեամբ սահ­ման մը ու­նիմ։ Ի­ՇԻՊ կրակ մը բա­ցաւ՝ իմ մէկ քա­ղա­քա­ցիս, մէկ զի­նուորս նա­հա­տա­կուե­ցան։ Միւս­նե­րը մի­թէ ու­նի՞ն նման վի­ճակ մը, ոչ։ Այս մէ­կուն ո­րո­շու­մը մենք կու տանք», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Ու­ղիղ ե­թե­րի ըն­թաց­քին հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը յայտ­նեց, որ Թուր­քիա ետ պի­տի չքա­շուի Սու­րիա­յէն։ Երբ որ այդ սպառ­նա­լիք­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ չէ­զո­քա­նան, ա­պա անհ­րա­ժեշտ ար­ժե­ւո­րու­մը պի­տի կա­տա­րուի։

ՀԱՆ­ՐԱ­ՔՈ­ՒԷԻ ՄԱ­ՍԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Էր­տո­ղան ե­րէ­կուան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն մէջ ման­րա­մաս­նօ­րէն խօ­սե­ցաւ նաեւ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէին մա­սին։ Ըստ ի­րեն, դաշ­տի վրայ աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը լա­ւա­գոյնս պի­տի ար­ժե­ւո­րուին։ Վեր­ջին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ «ա­յո» քուէ­նե­րը օ­րէ օր վե­րելք կ՚ար­ձա­նագ­րեն։ «Մեր բուն նպա­տակն է այդ վե­րել­քը ա՛լ ա­ւե­լի բարձ­րաց­նել։ Ես հա­մո­զ-ւած եմ, որ այս թա­փը պի­տի շա­րու­նա­կուի։ 52 տո­կո­սէն շատ ա­ւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը պի­տի հաս­նինք։ Մեր նպա­տակն է ա­ւե­լի քան 60 տո­կոս ձայ­նով պսա­կել «ա­յո»նե­րը։ Թրքա­կան տի­պի նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւ­նը կը փա­փա­քինք որ­պէս օ­րի­նակ ներ­կա­յաց­նել աշ­խար­հին», ը­սաւ Էր­տո­ղան։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017