ՀԱՍԱՆ ՌՈՒՀԱՆԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի յա­ռա­ջի­կայ Եր­կու­շաբ­թի Մոս­կուա պի­տի այ­ցե­լէ՝ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Մար­տի 28-ին ծրագ­րուած է քննար­կել Ռու­սաս­տան-Ի­րան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հար­ցե­րուն ամ­բողջ հա­մա­լի­րը՝ եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին։ Կը նա­խա­տե­սուի, որ կող­մե­րը յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րեն ա­ռեւտ­րատն­տե­սա­կան եւ ներդ­րու­մա­յին կա­պե­րու ընդ­լայն­ման հե­ռան­կար­նե­րուն նկատ­մամբ։ Այդ ամ­բող­ջին մէջ, ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու ո­լոր­տէն ներս հա­մա­տեղ խո­շոր նա­խագ­ծե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւս պի­տի գայ օ­րա­կար­գի վրայ։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին պի­տի ստո­րագրուին շարք մը երկ­կող­մա­նի փաս­տա­թուղ­թեր։

Բաց աս­տի, Վլա­տի­միր Փու­թին եւ Հա­սան Ռու­հա­նի կար­ծիք­ներ պի­տի փո­խա­նա­կեն հա­մաշ­խար­հա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին օ­րա­կար­գի հրա­տապ նիւ­թե­րուն շուրջ։

Ռու­սաս­տան եւ Ի­րան ներ­կա­յիս դաշ­նա­կից­ներ կը հա­մա­րուին Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի պա­րա­գա­յին։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017