ՆՈՐ ԿԱՌՈՒՑԱԿԱՐԳԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան, Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան եւ Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Ալ­թու­նեան ե­րէկ ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ հրա­ման­ներ։ Այս հա­մա­տեղ հրա­ման­նե­րու ստո­րագր­ման առ­թիւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թե­նէն ներս։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ Լե­ւոն Ալ­թու­նեան ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ հրա­ման մը՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս Սփիւռ­քի հետ հա­մա­կող­մա­նի կա­պե­րու զար­գաց­ման, Սփիւռքէ ներս հա­յա­պահ­պան­ման օ­ժան­դա­կու­թեան, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ հա­մա­տեղ ու ար­դիւ­նա­ւէտ ձեռ­նարկ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու վե­րա­բե­րեալ։

Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան եւ Ար­մէն Ա­մի­րեան ստո­րագ­րե­ցին հա­մա­տեղ հրա­ման մը՝ Հա­յաս­տան-Սփիւռք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, մաս­նա­ւո­րա­պէս մշա­կու­թա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան, Սփիւռ­քէ ներս հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ու հայ­կա­կան ար­ժէք­նե­րու ծա­նօ­թաց­ման, հա­յա­պահ­պա­նու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան, հայ­րե­նա­սի­րու­թեան սեր­ման­ման, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռ­քի մէջ հա­մա­տեղ ու ար­դիւ­նա­ւէտ ձեռ­նարկ­ներ ի­րա­կա­նաց­նե­լու մա­սին։ Այս ծրագ­րով նա­խա­տե­սուած ձեռ­նարկ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը հա­մա­կար­գե­լու նպա­տա­կով պի­տի գոր­ծեն մաս­նա­ւոր հա­մա­կարգ­ման յանձ­նա­ժո­ղով­ներ։

Ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին ե­րեք նա­խա­րար­ներն ալ հան­դէս ե­կան ե­լոյթ­նե­րով։ Ող­ջու­նե­լով ներ­կա­նե­րը՝ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան նշեց, որ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան բազ­միցս նշած է, թէ Սփիւռ­քի ան­մի­ջա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ եր­կի­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նայ ա­րագ ար­դիւնք­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու ա­ռանց­քա­յին ո­լորտ­նե­րէ ներս եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի մէջ ու­նե­նա­լու տնտե­սա­կան, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին յա­ռա­ջա­տար հա­մա­կար­գեր։ Այս նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նով փորձ պի­տի կա­տա­րուի գտնել նոր կա­ռու­ցա­կար­գեր եւ ճա­նա­պարհ­ներ Հա­յաս­տան-Սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան հեր­թա­կան ան­գամ շեշ­տը դրաւ Սփիւռ­քի նե­րու­ժը Հա­յաս­տա­նի մէջ օգ­տա­գոր­ծե­լու եւ Սփիւռ­քէ ներս հա­յա­պահ­պա­նու­թեան վրայ։ Ան Ար­մէն Ա­մի­րեա­նին եւ Լե­ւոն Ալ­թու­նեա­նին շնո­րա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան պատ­րաս­տա­կա­մու­թեան հա­մար։

ՇՆՈՐ­ՀԱՆ­ԴԷՍ

Միւս կող­մէ, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կամ պա­տուէ­րով հրա­տա­րա­կուած շարք մը գիր­քե­րու շնոր­հան­դէ­սը։ Նա­խա­րա­րու­թեան եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած գի­նե­ձօ­նի հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին ա­նուա­նի գիտ­նա­կան­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ­ներ։

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017