ՎԱՃԱՌՈՒԵՑԱՒ ՀԻԹԼԷՐԻ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԸ

Ա­տոլֆ Հիթ­լէ­րի անձ­նա­կան հե­ռա­խօ­սը Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ կա­յա­ցած ա­ճուր­դով մը վա­ճա­ռուած է 243 հա­զար տո­լա­րով: Յեն­լով Alexander Historical Auctions ա­ճուր­դա­յին տան յայ­տա­րա­րու­թեան՝ կը տե­ղե­կանց­նէ «Ար­մէն­փրէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը: Իսկ «France-Presse» գոր­ծա­կա­լու­թեան տուեալ­նե­րով՝ հե­ռա­խօ­սի ար­ժէ­քը կը գնա­հա­տուէր 200-300 հա­զար տո­լա­րի սահ­ման­նե­րու մէջ, մինչ­դեռ ա­նոր մեկ­նար­կա­յին գի­նը կազ­մած է 100 հա­զար։

Siemens տի­պի հե­ռա­խօ­սը՝ Հիթ­լէ­րի ա­նուան փո­րագ­րու­թեամբ, ե­ղած է Վեր­մախ­տի նուէ­րը: 1945 թուա­կա­նին խորհր­դա­յին զի­նուոր­նե­րը զայն գտած են Հիթ­լէ­րի ա­պաս­տա­նա­րա­նին մէջ եւ այ­նու­հե­տեւ տուած՝ բրի­տա­նա­ցի սպա­յի մը, ո­րուն ըն­տա­նի­քը ա­ւե­լի քան եօ­թա­նա­սուն տա­րի պա­հած է հե­ռա­խօ­սը:

Ա­ճուր­դա­յին տու­նը հե­ռա­խօ­սին հա­մար  բախտ կը հա­մա­րէ այդ գի­նը, քա­նի որ ան «բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու, հնա­րա­ւոր է՝ ա­մե­նաա­ւե­րիչ «զէն­քը», որ մի­լիո­նա­ւոր մար­դոց կեան­քեր խլած է ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ», հա­ղոր­դած է «ՌԻԱ Նո­վոս­տի» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը:

Ուրբաթ, Մարտ 24, 2017