ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱՑՆԵԼ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԸ. ԿԱՐԳ ՄԸ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ
Գաղտնիք չէ, որ սփիւռքի ողջ տարածքին այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ, մեծապէս «այժմէական» կը շարունակէ մնալ հայագաղութներու երիտասարդացման, հայկական կառոյցներու նորոգելիութեան հիմնահարցը։ Խօսքը անշուշտ նեղ պրիսմակէ մը դիտարկուելիք խնդիր չէ, որովհետեւ այսօրուան աշխարհին մէջ նման խնդիր մը՝ առնչուած չէ միայն հայկական սփիւռքին կամ հայութեան։
Այսօրուան մարդը, առաւել եւս երիտասրդ հայ մարդը, կը դիմագրաւէ բաւական տարբեր, իրենց բովանդակութեամբ եւ էութեամբ բաւականին նոր եւ նոյնիսկ անցնող սերունդներուն համար էականապէս անընկալելի հարցեր։
Խնդիրներուն շերտաւորումները, կեանքի արագութիւնը եւ առօրեայ պահանջներուն անփոխարինելիութիւնը նոր սերունդները ձեւով մը դարձուցած է «մեքենայ»։
Եւ այս ժամանակներուն ամենէն բարդ, ամենէն դժուար եւ ամենէն շատ ճիգ պահանջող հիմնահարցը նոր արեան, նոր աւիւնի եւ նոր ուժերու ապահովումն է։
Ճիշդ է, որ տեղ մը այդ անչակերտ մեքենան կը փորձէ փոխարինել մարդը, բայց եւ այնպէս, մարդ արարածի, արդիական մարդու բերելիք նպաստները աւելի քան կարեւոր են։
Այս մուտքով ուզեցի կիսուիլ ընթերցողներուս հետ, պարզ այն պատճառով, որ այսօրուան զրուցակիցս ոչ միայն քաղաքական կուսակցութեան գերագոյն մարմնի պատասխանատու անդամներէն է, այլ նաեւ անոր համար, որ կը խօսի նոր սերունդի լեզուով։ Կը հասկնայ նորերուն նախասիրութիւն տուած հարցերը, պահանջները, փափաքները եւ միեւնոյն ժամանակ կը փորձէ ազգային մօտեցումի ջիղէն բռնելով այսօրուան հարցերուն հիմնական լուծումներ բերել։ Պատասխանել այն հարցին, թէ այս օրերուն ինչո՞ւ հայ երիտասարդութիւնը օտարուած է. վերահաստատել Հայաստանը ամուր հիմքերու վրայ եւ ուժեղ պետութեան կրող դառնալու ընտրանքին, նաեւ խօսիլ հայութեան ակնկալիքներուն եւ սփիւռքի ընկալումներուն մասին։
Այս բոլորի մասին մեր հարցումնրուն հեռակապով պատասխանեց Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր տիար Ասատուր Տեւլեթեան։
Ստորեւ հարցազրոյցը՝
-Վերջին շրջանին շատ սկսած է խօսուիլ այն մասին, թէ առ հասարակ, եւ յատկապէս սփիւռքի մէջ, հայկական աւանդական կուսակցութիւնները կորսնցուցած են իրենց գրաւչութիւնը։ Որքանո՞վ ճիշդ է այս մօտեցումը. ի՞նչ է ձեր տեսակէտը այս առումով։
-Եթէ ակնարկութիւնը այն մասին է, թէ սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ սակաւած է թիւը երիտասարդ-երիտասարդուհիներուն, որոնք կ՚անդամագրուին աւանդական կուսակցութիւներուն կամ ալ՝ համակրանքով կը հետեւին անոնց գործունէութիւններուն, անկարելի է ժխտել այդ երեւոյթին իրողութիւն ըլլալը։
Սակայն, անմիջապէս հարկաւոր է նշել, թէ նուազածը կուսակցութիւններու «հմայքը» չէ, այլ՝ եղերական անկումը պատանիներու հայեցի դաստիարակութեան թէ՛ տարողութեանն ու մակարդակին, թէ ալ՝ որակին։ Վերջին քանի մը տասնամեակներուն ընթացքին, դժբախտաբար, յաջորդաբար փլուզուեցան կամ մաշումի ենթարկուեցան հայաստանամերձ գրեթէ բոլոր հայկական գաղութները, ուր, նախապէս, ո՛չ միայն առատօրէն կը ջամբուէր հայկական տոհմիկ դաստիարակութիւն, այլ նաեւ ազգային առողջ հպարտութիւն։ Երկու անուրանալի գրաւականները, թերեւս նաեւ՝ նախապայմանները, գիտակից նուիրումով փարելու ազգային լիակատար ծառայութիւն ուխտած գաղափարախօսութիւններու։ Հայկականութեամբ եռուն այդ գաղութներուն թէ՛ քանակական թէ ալ որակական հիւծումը, անկարելի է որ բացասաբար չազդէր նաեւ՝ կեանք մը ամբողջ ազգային ծառայութեան յանձնառութիւն ստանձնելու կամաւոր պատրաստակամութեան վրայ։
Յաւելուածաբար, ներկայ ժամանակներու պարտադրած կենցաղային հեւքն ու լարուածութիւնը եւս, լրջօրէն կը խոչընդոտեն մեր նոր սերունդին ազգային մտասեւեռումներուն արմատաւորումը։
Այս առընչութեամբ, պէտք չէ մոռնալ, սակայն, թէ Հիւսիսային Ամերիկայի, եւրոպական շատ մը երկիրներու, մինչեւ իսկ Աւստրալիոյ մէջ, վերջին շրջաններուն ի յայտ եկած ազգային հպարտառիթ, ակնառու դրսեւորումներու հեղինակներուն մեծագոյն մասը հայկականութեամբ թրծուած է յիշատակուած գաղութներու նախապէս խիստ արգասաբեր «դարբնոց»ներուն մէջ։
-Ուրեմն, կը խորհի՞ք, թէ տակաւին, սփիւռքի մէջ, կարեւոր դեր ունին կատարելիք աւանդական կուսակցութիւնները։
-Անտարակոյս։ Յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ ազգային գերագոյն մեր շահերուն ի խնդիր, նուիրականագոյն երկու առաքելութիւններու առընչութեամբ կատարուող հերոսական աշխատանքներու «առիւծի բաժինը» կ՚իրականացուի շնորհիւ աւանդական երեք կուսակցութիւններու ճիգերուն։ Նշումը կը վերաբերի, անշուշտ, հայապահպանման վիթխարի առաջադրանքին եւ ազգային սրբազան պահանջատիրութեան թէ՛ գիտակցութեան վառ պահուելուն, թէ ալ, մանաւանդ՝ հետեւողական հետապնդումին։
Հասկնալի պատճառներով, մայր հայրենիքը, ունենալով խիստ կարեւոր այլ առաջնահերթութիւններ, էական այս երկու առաքելութիւններու առընչութեամբ, առաւելագոյն պարագային, սահմանափակ օժանդակութիւն կրնայ տրամադրել։
Բացորոշ կը դառնայ, հետեւաբար, թէ ինչքա՜ն կենսական է աւանդական մեր կուսակցութիւններու դերը սփիւռքի ամբողջ տարածքին։
-Իսկ, ինչո՞վ կը յատկանշուի Ռամկավար ազատական կուսակցութեան տարբերութիւնը միւս կուսակցութիւններէն։
-Նախ, հարկ է որ կատարեմ կարգ մը նշումներ.- Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը գերազանցօրէն ազգային կազմակերպութիւն մըն է, որուն գոյութեան հիմնական նպատակն է հետապնդումը հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, համադրուած ճիգերովը ժողովրդային բոլոր խաւերուն, առանց դասակարգային որեւէ խտրականութեան։
Կուսակցութեան աշխարհահայեացքը հիմնուած է ժողովրդային կամքի գերիշխանութեան, անհատական եւ հաւաքական բոլոր իրաւունքներու ամբողջական կիրարկումին եւ ընկերային յարատեւ բարեշրջումի սկզբունքներուն վրայ։ Սակայն կուսակցութեան հիմնական մտասեւեռումը կը կազմէ (…), Հայաստանի ընդհանուր զարգացումն ու բարգաւաճումը, սփիւռքի հայութեան ազգապահպանումը եւ ի վերջոյ՝ հայ ժողովուրդի ազգահաւաքը մեր պապենական եւ աւանդական հողերուն վրայ։ ՌԱԿ-ը կը դաւանի որ, առանց որեւէ բացառութեան, ազգային մեր բոլոր մղումներուն առանցքը պէտք է կազմեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, որոնց հանդէպ մեր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը երբեք պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլան այլեւայլ նկատումներով։ Այդ անխախտ համոզումով ալ, տեւապէս փարած մնացած է «Միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին հետ. միշտ հայրենիքին եւ ժողովուրդին համար» կարգախօսին։
Փակագիծ մը բանալով, անհրաժեշտ է ստուգաբանել յիշեալ կարգախօսին էութիւնը։ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնը աներկբայօրէն կը հաւատայ, թէ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ մեր սէրը, նուիրումն ու հաւատարմութիւնը երբեւէ չե՛ն կրնար սահմանուիլ կամ սահմանափակուիլ հայրենիքի մէջ տիրող վարչական դրոյթով կամ ալ՝ հայրենի հողին վրայ ծածանող դրօշի գոյներով, ի՛նչ որ ալ եղած ըլլան, անոնց առընչութեամբ, մեր ունեցած վերապահութիւնները։
ՌԱԿ-ի խոր համոզումով, հայրենիքն ու հայ ժողովուրդը յաւերժական են։ Մնացեալ ամէն բան պարագայական է եւ ժամանակաւոր։
-Ինչպէ՞ս կ՚արժեւորէք հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու ներկայ դրուածքը։
-Առաջին հերթին, անհրաժեշտ է կատարել կարգ մը սահմանումներ.- Հայաստանի Հանրապետութեան համար անհամեմատելի, միեւնոյն ատեն նաեւ անփոխարինելի հարստութիւն է սփիւռքի հայութիւնը, որ իր մեծամասնութեամբ, անմնացորդ սիրով, անսահման կարեկցութեամբ ու գորովով կ՚ընկալէ, մայր հարենիքը, Արցախը, հայրենաբնակ հարազատ ժողովուրդը եւ անոնց ներկային ու ապագային հետ աղերս ունեցող բացարձակապէս ամէն ինչ։
Առաջին ակնարկով խիստ յաւակնոտ թուացող այս հաստատումը, յամենայնդէպս, անհերքելի իրողութիւն ըլլալէ երբեք չի դադրիր։ Հայկական սփիւռքի հայթայթած ու հայթայթելիք բազմաբնոյթ, անդաւաճան եւ յարատեւօրէն կայուն նեցուկը վաւերականագոյն գրաւական է մեր պաշտելի հայրենիքին համար։ Հետեւաբար, կենսականօրէն անհրաժեշտ է, որ անգնահատելի այս դրամագլուխը բծախնդրօրէն եւ խնամքով պահպանուի, որպէսզի կարելի ըլլայ անկէ տեւապէս քաղել հնարաւոր առաւելագոյն օգուտը։ Արտերկրի հայութիւնը իր նուիրումին ու նուիրաբերումին փոխարէն կ՚ակնկալէ ոչինչ, բացի հաւատքի եւ վստահութեան մնայուն ներշնչումէն։ Ինքնըստինքեան պարզ կը դառնայ, ուրեմն, թէ ճիգ պէտք չէ խնայուի, որպէսզի երբեւէ չնուազին եւ չխախտին հաւատքն ու վստահութիւնը, որովհետեւ այլապէս՝ ծայր աստիճան անբաղձալի կրնան ըլլալ տխուր բոլոր հետեւանքները։
Միւս կողմէ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն, բայց մանաւանդ Հայաստանի անկախացումէն ետք, հիմնովին փոխուեցաւ հայկական սփիւռքի էութիւնը։ Մինչդեռ նախապէս գոյութիւն ունէին աշխարհագրական քանի մը յստակ ստորաբաժանումներ եւ, առ հասարակ, ընդհանրական էին իւրաքանչիւր հատուածի հայութեան հետ առընչուող խնդիրները, ինչպէս նաեւ՝ անոնց համար անհրաժեշտ լուծումները, ներկայիս ո՛չ միայն երկրէ երկիր, այլ յաճախ, նոյնիսկ քաղաքէ քաղաք կը տարբերին կարիքները, պայմաններն ու հնարաւորութիւնները։ Ազգային որեւէ լուրջ ծրագրում չի կրնար առաջնորդուիլ լոկ զգացական, ենթակայական կամ պարագայական մղումներով, ո՛չ ալ՝ պայմանաւորուած ըլլալ անոնցմով։ Ներկայ ժամանակները եւ անոնց խիստ պահանջները կը պարտադրեն, որ փորձենք կիրարկել ամենէն պիտանի, ամենէն արդիւնաւէտ, ամենէն հեռանկարային նախաձեռնութիւնները, մանաւանդ երբ սահմանափակ կը մնան մեր միջոցները համազգային մեր ծով կարիքներուն համեմատութեամբ։
Անմիջապէս պէտք է աւելցնել, թէ լիովին համոզուած եմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար պարոն Զարեհ Սինանեանը ո՛չ միայն քաջածանօթ է յիշեալ բոլոր պայմաններուն եւ տիրող կացութեան, այլ՝ իր գործելակերպը, մերձեցումներն ու ծրագրումները կը ներշնչեն ա՛յն հաւատքը, թէ անոնք կը բխին ամբողջական ըմբռնողութենէ եւ լրջագոյն վերաբերումէ։ Հետեւաբար, հանգիստ սրտով կարելի է հաստատել, թէ լաւատես եմ այս ուղղութեամբ։
-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի իշխանութիւններուն գործելաոճը, նաեւ մինչեւ հիմա իրականացուցած ձեռքբերումները։
-Հայրենի իշխանութիւններուն գործելաոճը, առ հասարակ, կը ցոլացնէ ժողովրդավարական կայուն սկզբունքներու կիրառում, հետեւաբար, միանգամայն խրախուսիչ է եւ ընդունելի։
Կարելի չէ ակնկալել, որ ամէն բան ի կատար ածուի կատարեալ, անթերի ճշգրտութեամբ։ Բազմաթիւ գործօններ, ուզենք թէ՝ ոչ, անպայմանօրէն իրենց ազդեցութիւնը կ՚ունենան կատարումներու վրայ, անոնց զանազան հանգրուաններուն։ Կարեւորը, ընդհանուր առմամբ, անոնց գոհացուցիչ մակարդակ ունենալն է։ Կարելի է անվարան հաստատել, թէ Հայաստանի մէջ, ներկայիս, այդպիսին է պարագան։
Իսկ ինչ որ կը վերաբերի ցարդ իրականացուած ձեռքբերումներուն, անկարելի է չնշել, թէ նկատելի է հետեւողական յառաջխաղացութիւն, թէեւ երբեմն, հասկնալի պատճառներով, դանդաղ ընթացքով։ Բացարձակ միամտութիւն պիտի ըլլար խորհիլը կամ ենթադրելը, թէ մեր փափաքած արագութեամբ, կարելի է ուղղել ամէն բան, որ կը կարօտի բարեփոխումի կամ սրբագրութեան։ Մեր հայրենիքին մէջ գոյութիւն ունին բազմաթիւ դրոյթներ, վիճակներ եւ կացութիւններ, որոնք ունին արմատացած աղաւաղումներ, եւ հետեւաբար, անոնց բարեկարգումը կը կարօտի բծախնդիր ուսումնասիրութեան եւ ժամանակի։
Յամենայնդէպս, արտերկրի հայերս, սրտատրոփ կը հետեւինք դրական բոլոր իրագործումներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան