ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԴԱՇՆԱԿԻՑ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։ Հաւաքի մասնակիցներու շարքին էր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն։ Պրիւքսելի մէջ Չավուշօղլու եւ Պլինքըն առաջին անգամ զիրար ողջունեցին երես երեսի ու միասնաբար մասնակցեցան ժողովի մը։ Ուաշինկթընի նոր վարչակազմի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ, անցեալ յունուարին Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Էնթընի Պլինքըն ունեցած էին հեռախօսազրոյց մը։

Պրիւքսելի երէկուան ժողովին կապակցութեամբ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ամփոփ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ըստ իրեն, Աֆղանիստանի խաղաղութեան գործընթացին առընչութեամբ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ տեղի պիտի ունենայ բարձր մակարդակի ժողով մը։ Թրքական կողմի զօրակցութիւնը պիտի շարունակուի Լիպիոյ մէջ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Չավուշօղլու նշեց, որ ՓՔՔ-ԵՓԿ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը սպառնալիք կը համարուի նաեւ Իրաքի եւ Սուրիոյ տեսակէտէ։ Ուստի, բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի։ «Դաշինքէն ներս զօրակցութեան ամրապնդման, իւրաքանչիւր դաշնակիցի անվտանգութեան մտահոգութիւններուն նկատմամբ լուրջ վերաբերմունքի ցուցաբերման, ահաբեկչութեան ամէն տեսակին դէմ համատեղ պայքարելու կարեւորութիւնը շեշտեցինք», նշեց Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընկերային ցանցերու վրայ հրապարակուած գրառման մէջ։

Միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը երէկ կեդրոնացած էր Էնթընի Պլինքընի յայտարարութիւններուն վրայ։ Արդարեւ, նախագահ Ճօ Պայտընի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ ան առաջին անգամ Պրիւքսելի մէջ մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ժողովին։ Ամերիկացի պետական քարտուղարը, ընդհանուր առմամբ, իր յայտարարութիւններուն մէջ փորձեց ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներուն միջեւ միասնականութիւնը խրախուսել։ Այս ամբողջին մէջ ան արժէքաւոր դաշնակից որակեց Թուրքիան։ Ըստ իրեն, Թուրքիա ամուր շահեր ունի՝ ՆԱԹՕ-ին կապուած մնալով։

Էնթընի Պլինքըն եւ ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկ մասնակցեցան՝ «Զօրացնել Անդրատլանտեան կապերը» վերնագրեալ զրոյցի մը։ Էնթընի Պլինքըն այս առթիւ մատնանշեց, որ Թուրքիոյ պարագային խնդրոյ առարկայ են կարգ մը տարակարծութիւններ եւ այդ բոլորը գաղտնիք չեն։ Իր խօսքով՝ գաղտնիք չէ նաեւ, որ դաշինքը Թուրքիոյ հետ ունի երկար անցեալ մը եւ ան արժէքաւոր դաշնակից մըն է։ Տարաձայնութիւններու շարքին Էնթընի Պլինքըն թուարկեց «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու Թուրքիոյ կողմէ ներածուիլը, Միջերկրականի Արեւելքի իրադարձութիւնները։ Ան աւելցուց, որ ՆԱԹՕ խնդրայարոյց կարգ մը ոլորտներու քննարկման ուղղութեամբ ազդեցութիւն ցոյց տուած է եւ աշխատանքները կը շարունակուին՝ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար։ «Մենք ամուր շահեր ունինք Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ին կապուած մնալուն մէջ։ Համոզուած եմ, թէ սա Թուրքիոյ տեսակէտէ ալ շահաւէտ է», ըսաւ Պլինքըն։

Պրիւքսելի մէջ Էնթընի Պլինքըն Ուաշինկթընի նոր ղեկավարութեան մօտեցումները բանաձեւեց միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ նիւթերուն շուրջ։ Ըստ իրեն, եթէ Ուաշինկթըն որոշէ Աֆղանիստանէն դուրս բերել իր զօրքերը, ապա այդ քայլը անպայման պիտի համաձայնեցնէ ՆԱԹՕ-ի իր դաշնակիցներուն հետ։

Պրիւքսելի մէջ Էնթընի Պլինքըն երէկ մէկտեղուեցաւ նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի եւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Ռաապի հետ։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, այս տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ռուսաստանէն եւ Չինաստանէն բխած սպառնալիքներուն։ Պրիւքսելի մէջ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոեռեակի քննարկումներուն ժամանակ արժեւորուեցաւ Աֆղանիստանի, Իրանի, Լիպիոյ եւ Եմէնի կացութիւնը։ Հանդիպումէն վերջ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ կողմերը վերահաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը ՆԱԹՕ-ին, ինչպէս նաեւ համամիտ գտնուած են ԱՄՆ-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան խորացման ուղղութեամբ։

Ըստ Պրիւքսելէն հասած լուրերուն, Էնթընի Պլինքըն Հէյքօ Մաասի նկատառման յանձնած է, որ Ուաշինկթըն վճռականօրէն դէմ է «Հիւսիսային հոսք-2» կազատարի կառուցման եւ պիտի պայքարի այս ուղղութեամբ։ Պլինքըն նշեց, որ ամերիկեան կողմը կը նախատեսէ դիմակայել Ռուսաստանի այն գործողութիւններուն, որոնք իր դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ համատեղ հաւաքական անվտանգութիւնը խախտելու ուղղուած են։ Այդ կազատարով կը նախատեսուի Ռուսաստանէն դէպի Գերմանիա եւ եւրոպական այլ երկիրներ բնական կազ մատակարարել։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՄԱՔՐՈՆ

Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն «France 5» հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտնեց, որ պէտք է վերականգնել երկխօսութիւնը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ, որովհետեւ անոնք մեծ տէրութիւններ են։ Ըստ Մաքրոնի, Թուրքիա Եւրոպայի կարեւոր գործընկերը կը համարուի անվտանգութեան եւ գաղթի ոլորտներէն ներս։ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ուղղութեամբ ազդակներ կը նկատուին։ Ֆրանսացի ղեկավարի համոզմամբ, եթէ Եւրոմիութիւնը խաղաղութեան կը ձգտի, ապա պէտք է անվտանգութեան նոր ճարտարապետութիւն մը ստեղծէ։ Այդ նպատակով պէտք է երկարաժամկէտ հեռանկարով վերականգնել երկխօսութիւնը Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի հետ, որովհետեւ անոնք մեծ տէրութիւններ են։ «Շատ կարեւոր է թոյլ չտալ, որ Թուրքիան դուրս մնայ եւրոպական շրջանակէն։ Սա պէտք է ընել, որպէսզի թրքական ղեկավարութիւնը չդրդենք աւելի մեծ ծայրայեղութեան եւ աշխարհաքաղաքական այնպիսի որոշումներու, որոնք կրնան վտանգել մեզ», ըսաւ Մաքրոն։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ֆրանսացի ղեկավարը դիտել տուաւ, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցն է, բայց պէտք է հաստատել անոր տեղը դաշինքէն ներս։ Էմմանիւէլ Մաքրոնի խօսքերը որոշ չափով քննադատական շեշտ կը բովանդակէին Թուրքիոյ պարագային։ Ըստ իրեն, սովորաբար, դաշնակիցները իրարու դէմ թոյլ չեն տար այնպիսի քայլեր, որոնք Թուրքիոյ կողմէ առնուած են։ Ան որպէս օրինակ թուարկեց՝ զինեալներու եւ սպառազինութեան տեղակայումը Լիպիոյ մէջ եւ ոչ-բարեկամական գործողութիւնները Միջերկրականի արեւելքին։

Չորեքշաբթի, Մարտ 24, 2021