ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԷ ԻՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄԸ ՇՈՒՇԻԻ ՀՌՉԱԿԱԳՐԻՆ ՇՈՒՐՋ»
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն ելոյթ մը ունենալով վերահաստատեց երկրի դիրքորոշումը՝ Շուշիի հռչակագրին առընչութեամբ, որ անցեալ տարի ստորագրուած էր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան յայտնեց, որ այս կապակցութեամբ որեւէ փոփոխութեան չէ ենթարկուած հայկական կողմի դիրքորոշումը, որ արտայայտուած է տակաւին անցեալ տարի։ Ընդդիմադիր երեսփոխան մը դիտել տուաւ, որ այդ հռչակագրի ստորագրումէն վերջ հնչած էր Երեւանի խնդրոյ առարկայ արձագանգը, որու վրայ ոչինչ աւելցած է վաւերացումէն ետք։ Այս կապակցութեամբ Արարատ Միրզոյեան համամիտ գտնուեցաւ, որ երեսփոխանի խօսքին մէջ կայ լուրջ տրամաբանութիւն։ «Մենք պէտք է հասկնանք, թէ ա՛լ աւելի դատապարտող, ա՛լ աւելի սուր գնահատական տուող յայտարարութիւնը այս խաղին մէջ ի՞նչ պիտի աւելցնէ եւ որո՞ւ օգտին, եթէ սա կարելի է խաղ անուանել», ըսաւ ան։
Նկատի ունենալով, որ վերջին շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը առաջարկներ փոխանակուած են խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղեալ բանակցութիւններու սկսելու շուրջ՝ Արարատ Միրզոյեանին ուղղուեցան նաեւ այս նիւթին վերաբերեալ հարցումներ։ Օրերս Միրզոյեան յայտնած էր, որ մեծ հաշուով Պաքուի առաջարկները ընդունելի կը համարուին, սակայն չեն ցոլացներ կողմերու օրակարգի ամբողջութիւնը։ Երէկ ալ խորհրդարանի ամպիոնէն ան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի հինգ կէտէ բաղկացեալ առաջարկներուն մէջ անընդունելի ոչինչ կայ եւ Հայաստան իր առաջարկներով համալրած է խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ հաւանական բանակցութիւններու ամբողջ օրակարգը։ Միրզոյեան շարունակեց.
«Երբ ըսինք, որ պատասխանած ենք Ատրպէյճանին, եղան որոշ մեկնաբանութիւններ, որոնց մէկ մասը սխալ էր, որովհետեւ կային գնահատականներ, թէ Հայաստան մերժած է Ատրպէյճանի առաջարկները։ Ատրպէյճանի առաջարկներուն մէջ Հայաստանի համար անընդունելի, ըստ էութեան, ոչինչ կայ։ Այլ բան է, որ այդ առաջարկները ամբողջովին չէին հասցէագրեր հաւանական բանակցութիւններու ամբողջ օրակարգը։ Եւ ահա համապարփակ խաղաղութեան համար մենք մեր առաջարկներով լրացուցած ենք, համալրած ենք օրակարգը եւ փոխանցած ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն ինձ տեղեկացուցած են, որ այդ առաջարկները պաշտօնապէս փոխանցուած են Պաքուին։ Առայժմ պատասխան չունինք Պաքուէն»։
Միրզոյեան աւելցուց, որ հայկական կողմի առաջարկները իր կողմէ հրապարակուած են «Արմէնփրէս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ։
Խորհրդարանէն ներս Արարատ Միրզոյեանին հարցումներ ուղղուեցան նաեւ վերջին շրջանին Արցախի կազամատակարարման մէջ յառաջացած կաղացումներուն շուրջ։ Ատրպէյճանի դիտումնաւոր քայլերով կը յառաջանան այս կաղացումները, կազի մատակարարման դադրեցումները։ Արարատ Միրզոյեան այս բոլորի լոյսին տակ երէկ տեղեկացուց, որ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործի դրած է դիւանագիտական բոլոր ջանքերը, միջազգային գործընկերներէն արդէն կը ստացուին արձագանգներ։ «Մենք նախ եւ առաջ սերտ, պարբերական կապի մէջ ենք ռուս գործընկերներու հետ», ըսաւ նախարարը՝ յիշեցնելով, որ կազամատակարարման խափանուած, կազամուղ խողովակաշարի խափանուած շրջանը կը գտնուի ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիէն ներս։ Ուստի, հայկական կողմը առաջնահերթօրէն կապի մէջ է Ռուսաստանի գործընկերներուն հետ, նաեւ շփում հաստատած է քաղաքակիրթ աշխարհի մնացեալին հետ։
Միւս կողմէ, կը հաղորդուի, որ Եւրոմիութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Արցախէ ներս կազամատակարարման պարագային ստեղծուած կացութեան շուրջ։
ՊԱՔՈՒԷՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ
Մինչ այդ, Պաքուի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց՝ Արցախի կազամատակարարումներու հարցին վերաբերեալ Երեւանէն կատարուած յայտարարութիւններուն։ Այսպէս, Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլլաեւա յայտարարեց, որ Հայաստան կը փորձէ միջամտել իր երկրի ներքին գործերուն։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճան խորհուրդ կու տայ Հայաստանին՝ ապահովել 44-օրեայ պատերազմէն վերջ եռակողմանի յայտարարութիւններով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները կատարել։ Բանբերը այս ամբողջին մէջ թուարկեց նաեւ տարածաշրջանէ ներս տեղակայուած զինեալ ուժերու մնացորդներու դուրս բերումը եւ այդպէսով իսկ նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ չընել անհիմն յայտարարութիւններ։ «Հայաստանի կողմէ ոչ-շինիչ մօտեցման մշտական դրսեւորումը, անհիմն պնդումները կը բացայայտեն այս երկրի իրական մտադրութիւնները», յայտնած է բանբերը։