ԻՐԵՐԱՅԱՋՈՐԴ ԳԱԳԱԹՆԵՐ

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի՝ բնորոշելով միջազգային օրակարգը։ Ամբողջ երկիր մը բառին բուն իմաստով տակն ու վրայ եղած է, սակայն, ռազմական գործողութիւնները կասեցնել հնարաւոր չ՚ըլլար՝ հակառակ մարդասիրական աննկարագրելի ողբերգութեան։

Ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենան իրերայաջորդ երեք գագաթաժողովներ, որոնց բոլորն ալ ծայր աստիճան նուրբ բնոյթ մը կը կրեն։ Այդ գագաթաժողովներուն առաջինը կը համախմբէ ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարները, որոնց շարքին է Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընն ալ այս առթիւ փութացած է Պրիւքսել, ուր իր մասնակցութեամբ տեղի կ՚ունենայ նաեւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Հուսկ, ծրագրուած երրորդ գագաթաժողովով կը մէկտեղուին Մեծն եօթնեակի երկիրներու ղեկավարները։ Ներկայիս «Կ-7»ի շրջանային նախագահ երկիրն է Գերմանիան։ Պերլինի ղեկավարութիւնը առկայ տագնապալի մթնոլորտին մէջ կը շարունակէ խտացեալ ջանքեր գործադրել։ Այս օրուան գագաթաժողովներուն ընդառաջ, երէկ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ։ Մեկնաբաններու համոզմամբ, Պաղ պատերազմի շրջանէն ի վեր ՆԱԹՕ այսօր ամենաճակատագրական ժողովներէն մին կ՚իրականացնէ։ Ուաշինկթընի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքեր վերջին օրերուն հետզհետէ կը բարձրաձայնեն, որ Մոսկուա պատերազմական յանցանքներ կը գործէ։ Առկայ մտահոգիչ մթնոլորտին մէջ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ եթէ ՆԱԹՕ որոշէ խաղաղարար զօրք մը տեղակայել Ուքրայնայի մէջ, ապա սա պիտի նշանակէ իր երկրին կողմէ նախապէս հռչակուած կարմիր գիծերու խախտումը։ Այդ պարագային մթնոլորտ ստեղծուած պիտի ըլլայ Ռուսաստանի եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ բախումի մը համար։

Իր կարգին, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկն ալ Պրիւքսելի այս օրուան գագաթաժողովին ընդառաջ յայտնեց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմին շուրջ աւելի որոշումներ պիտի առնուին։ Իր խօսքով՝ դաշինքը պիտի վերադիրքաւորէ իր կանխարգիլման, տարհամոզման ներուժը։ Սթոլթենպերկ համոզուած է, թէ ՆԱԹՕ-ին պատասխանատուութիւն կը վիճակի, որպէսզի պատերազմը Ուքրայնայի սահմաններէն դուրս չյորդի։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Ռուսաստանի կողմէ հիւլէական զէնքերու օգտագործման հաւանականութեան ու շեշտեց, որ այդ պարագան փոփոխութեան կ՚ենթարկէ պատերազմի բնոյթը։

Բաց աստի, Սթոլթենպերկ դիտել տուաւ, որ գագաթաժողովի ընթացքին ՆԱԹՕ կը շօշափէ նաեւ Չինաստանի դերակատարութիւնը։ Արդարեւ, դաշնակիցները մտահոգ են, թէ Չինաստան նիւթական օժանդակութիւն կրնայ ապահովել Ռուսաստանին։ Ըստ Սթոլթենպերկի, դաշինքը այս փուլին աջակցութիւն կը խոստանայ նաեւ Մոլտովային, Վրաստանին եւ Պոսնա Հերսեքին։

Նախագահ Էրտողան Պրիւքսել մեկնելէ առաջ երէկ գլխաւորեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը, որ տեղի ունեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ։ 3 ժամ 45 վայրկեան տեւեց նիստը, որու աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտուեցաւ, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա վերջին իրադարձութիւնները բոլոր չափումներով քննարկուած են։ Յայտարարութեան մէջ կարեւորուեցաւ յարձակումներու ժամ առաջ վերջ գտնելն ու հրադադարի հաստատուիլը։ Խորհուրդը արձանագրեց, որ երկու երկիրներու առկայ խնդիրներուն մշտական լուծում մը գտնելու ուղղեալ ջանքերը պէտք է խտացուին՝ Ուքրայնայի ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան հիման վրայ։ Թուրքիա Սեւ ծովէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար կը յարգէ իր բոլոր պատասխանատուութիւնները՝ ներառեալ Մոնթրէօի համաձայնութեան բծախնդրութեամբ գործադրումը, նաեւ կը նախատեսէ տեւականացնել իր գործունէութիւնը միջնորդութեան եւ դիւրացման ուղղութեամբ։

Կը նախատեսուի, որ Էրտողան այսօր Պրիւքսելի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովի մասնակցելու առընթեր ունենայ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։

Հինգշաբթի, Մարտ 24, 2022