ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐ
Եւրոմիութեան կողմէ հովանաւորուած Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման խրախուսման ուղղեալ ծրագրին շրջագծով շաբաթավերջին հետաքրքրական հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Իսթանպուլի մէջ։ Պատմութեան հիմնարկի (Tarih Vakfı) երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի դասագիրքերուն մէջ ազգայնականութեան եւ սեռականութեան հետքերը։ Երկու երկիրներէն կրթական մշակներ եւ ակադեմականներ տարեսկիզբէն ի վեր այս ծրագրին համար իրականացուցած էին երկու ժողովներ։ Առաջին ժողովը Յունուարին տեղի ունեցած էր Իսթանպուլի մէջ, իսկ երկրորդը՝ Մարտին, Երեւանի մէջ։ Շաբաթ յետմիջօրէին Պատմութեան հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ ասուլիս մը, որու ընթացքին ներկայացուեցան այս աշխատանքին արդիւնքները։ Ատենախօսներն էին՝ Էօզլէմ Չայքենթ, Փընար Սայան, Մարիա Կարապետեան, Ֆըրատ Կիւլլիւ եւ Էօմէր Թուրան։
Սոյն աշխատանքը տարուած էր վերյիշման եւ մոռացման քաղաքականութիւններու առանցքին շուրջ։ Պատմաբաններն ու պատմութեան ուսուցիչները Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ ինչպիսի ցանց մը կը ստեղծէին իրենց մասնագիտութեամբ։ Սոյն ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած տեղեկագիրը մանրամասնօրէն ներկայացուեցաւ վերոյիշեալ ատենախօսներուն կողմէ։ Թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Հայաստանէն համալսարաններ ու գիտահասարակական կազմակերպութիւններ ներգրաւուած էին այս աշխատանքին։
Հաւաքոյթի ընթացքին նիւթի Հայաստանի երեսակը ներկայացուց Մարիա Կարապետեան, իսկ Թուրքիոյ երեսակին շուրջ խօսեցաւ Ֆըրատ Կիւլլիւ։ Անոնք մատնանշեցին, որ լուրջ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ երկու կողմերէ ուսուցիչներու համախմբումը եւ անոնց կողմէ այդ մթնոլորտին շնչուիլը։ Երկու ատենախօսներն ալ մատնանշեցին, որ պատմութեան ընթացքին պատերազմական շրջաններու չափ եղած էին նաեւ խաղաղ շրջաններ։ Անոնք ընդգծեցին, որ պատմութեան դասագիրքերու մէջ բաւական ազգայնական դիտարկումէ մը կը մատուցուին անցեալի իրադարձութիւնները։
Հաւաքոյթի մասնակիցներու շարքին էր Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։