ՀԱՅ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԱՌՑԱՆՑ ՀԱՄԵՐԳԸ՝ 2 ՄԱՅԻՍԻՆ
Աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներներ պիտի մասնակցին առցանց համերգի, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի քորոնաժահրի դէմ պայքարին։
Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ապրող եւ ստեղծագործող աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներ յառաջիկայ մայիսի 2-ին պիտի մասնակցին միջազգային interactive առցանց համերգի: Համերգին հասոյթը պիտի ուղղուի Հայաստանի մէջ Covid19-ի դէմ իրականացուող պայքարի ծրագիրներուն՝ աջակցելու առողջապահական համակարգին՝ ձեռք բերելու անհրաժեշտ շնչառական սարքաւորումներ եւ համապատասխան դեղօրայք: Առցանց համերգին ելոյթ պիտի ունենան Յարութ Փամպուքչեան, Իւետա Մուկուչեան, Արա Մարտիրոսեան, Հայկօ, Արամ MP3, Թաթա, Շուշան Պետրոսեան, Արամէն, Անտի, Արմէնչիկ, Արման Յովհաննիսեան, Գարիկ եւ Սոնա, Մարտին Մկրտչեան, Կրիշա Աղախանեան, Նորօ, Սոնա, Թաթուլ, Էրիկ Կարապետեան եւ այլք:
Հայկոն, անդրադառնալով սպասուող համերգային ծրագիրին, տեսանիւթ հրապարակած էր Ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ՝ նշելով, որ յատկապէս այս դժուարին օրերուն մենք բոլորս պէտք է կողք կողքի ըլլանք: «Միասին մենք կրնաք», շեշտած է երգիչը:
Համերգի տոմսեր ձեռք բերելու, երգիչներուն ամբողջական ցանկի, ինչպէս նաեւ իւրօրինակ ֆլեշմոպի մասին մանրամասնութիւններ կրնաք ստանալ այս յղումով՝ https://all.me/tovmasyanfoundation
Համերգը նախաձեռնած է «Թովմասեան» բարեգործական հիմնադրամը։