ՀԵՐՔՈՒՄԻ ՎՐԱՅ ՀԵՐՔՈՒՄ
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին յայտարարութիւնները եկան յեղաշրջել Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլի օրակարգը։ Ռուս նախարարը նախընթաց օր յայտարարած էր, որ բանակցային սեղանին վրայ կը գտնուի փաստաթուղթ մը, որով կը նախատեսուի կարգաւորման փուլային տարբերակը։ Լաւրով այս մանրամասնութիւնները հաղորդեց՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի նախընթաց օրուայ տեսաքոնֆերանսէն անմիջապէս առաջ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ ու մասնակցութեամբ կազմակերպուած այդ քննարկման մթնոլորտն ալ ամբողջովին պայմանաւորուեցաւ Մոսկուայէն հնչած այդ յայտարարութիւնով։ Հայկական հանրային կարծիքը անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցաւ Լաւրովի խօսքերուն եւ ստեղծուեցաւ բուռն բանավէճի մթնոլորտ մը։ Ընդդիմութիւնն ալ սկսաւ սաստիկ ձեւով թիրախաւորել իշխանութիւնները։ Զօհրապ Մնացականեան թէեւ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ բանակցային գործընթացի ներկայ փուլին եւ Երեւանի որդեգրած սկզբունքներուն շուրջ, սակայն ստեղծուած մեծ աղմուկը չմեղմացաւ։ Մինչ ընդդիմադիր շրջանակները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանէն ուղղակի բացատրութիւններ լսելու պահանջը յառաջ կը քաշեն, հայկական դիւանագիտական շրջանակներէն հերքումի վրայ հերքում կը տրուի՝ Սերկէյ Լաւրովի խօսքերու լոյսին տակ։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան յայտարարութիւններ ըրաւ «Քոմերսանթ» թերթին։ Իրեն ուղղուեցաւ հետեւեալ հարցումը. «Վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման շուրջ կատարուեցան զանազան անդրադարձներ, որոնց մէջ նշուած է կարգաւորման փուլային մօտեցման մասին։ Կը խնդրենք պարզաբանել՝ արդեօք 15 ապրիլ 2019 թուականի հանդիպման քննարկուա՞ծ է որեւէ փաստաթուղթ, որ կ՚ենթադրէ կարգաւորման փուլային տարբերակը։ Այս կապակցութեամբ ի՞նչ դիրքորոշում արտայայտած է հայկական կողմը։ Ո՞րն է Հայաստանի ներկայ դիրքորոշումը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ»։
Ի պատասխան այս հարցման՝ Աննա Նաղդալեան ռուսական «Քոմերսանթ» թերթին յայտնած է հետեւեալը.
«15 ապրիլ 2019 թուականի հանդիպման վերաբերեալ տեղեկութիւնները ձեւակերպուած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու համատեղ յայտարարութեան մէջ, որ կ՚ուրուագծէ բանակցութիւններու շրջանակը ու չի ներառեր որեւէ յղում կամ նոյնիսկ ակնարկ կարգաւորման փուլային տարբերակի մասին։ Հայկական կողմերու համար ընդունելի չէ կարգաւորման որեւէ տարբերակ, որ չի նախատեսեր Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի առանց որեւէ սահմանափակման իրականացումը եւ կրնայ վտանգել Արցախի ժողովուրդի անվտանգութիւնը։ Հայաստանի համար ընդունելի չեն տակաւին մինչեւ 2018 թուականը ներկայացուած եւ խաղաղ կարգաւորման փուլային տարբերակ ենթադրող առաջարկները։ Աւելի՛ն, 2018 թուականէն ի վեր Հայաստան չի վարեր բանակցութիւններ, որոնք հիմնուած պիտի ըլլան փուլային կարգաւորման վրայ։ Հայաստան ունի յստակ տեսլական՝ հաւասարակշռուած, փոխադարձ զիջումներու եւ հաւասարարժէք յանձնառութիւններու վրայ հիմնուած այն մօտեցումներու վերաբերեալ, որոնք հնարաւոր պիտի դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան արդար ու տեւական կարգաւորումը»։