ՄԱՀ՝ ԱՍՕ ԴԱՒԻԹԵԱՆԻ

Սփիւռքահայ յայտնի գիտնական, գործարար եւ ազգային բարերար Ասօ Դաւիթեան նախընթաց օր անակնկալօրէն կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ամերիկահայութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մին էր եւ հայկական սփիւռքի ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին։ Համայն հայութիւնը խոր ցաւով ընկալած է Ասօ Դաւիթեանի կորուստի բօթը՝ նկատի ունենալով անոր կողմէ ծաւալուած երախտաշատ գործունէութիւնը ազգային-եկեղեցական կեանքէ ներս։

Ասօ Դաւիթեանի մահուան առթիւ ցաւակցականներ հրապարակեցին Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան եւ այլք։ Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ այս կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի ի յարգանս Ասօ Դաւիթեանի հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի՝ հանգուցեալի յաւիտենական նենջի անդորրութեան համար։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԳՐԱՌՈՒՄԸ

Ասօ Դաւիթեանի անակնկալ մահէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը Դիմագիրքի պաշտօնական իր էջին վրայ հանդէս եկաւ հետեւեալ գրառումով.

«Խոր ցաւով տեղեկացանք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ հայ ազգի մեծ բարերար ու բարեգործ, մարդասէր եւ հայրենասէր, մեր սիրելի բարեկամ Ասօ Դաւիթեանի անակնկալ մահուան։ Իր վախճանը ծանր կորուստ մըն է մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ամբողջ ազգին համար։ Իր բազմակողմանի գործունէութեան մէջ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէր Հայոց Եկեղեցին, որուն զօրակցելով բարեյիշատակ տիար Ասօ Դաւիթեան իւրօրինակ իր տուրքը կը մատուցէր ազգային ինքնութեան եւ ոգիի ամրապնդման ձեռնարկներուն։ Իր ազնիւ յանձնառութեամբ եւ ամենայն նախանձախնդրութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ իրականացուիլ «Հայոց Եկեղեցին 21-րդ դարուն» ծրագիրը՝ նոր դարու իրողութիւններուն ներդաշնակ կառավարուող Հայոց Եկեղեցի ունենալու տեսլականով։ Այս կապակցութեամբ բազում առիթներ ունեցած ենք վայելելու մեծանուն հայորդիի ներկայութիւնը Սուրբ Էջմիածնի մէջ։

«Աւելի ուժեղ Հայաստան ունենալու մղումով մեր սիրելի Ասոն կ՚աջակցէր նաեւ նոր սերունդի կրթութեան ու դաստիարակութեան։ «Դաւիթեան» հիմնադրամի միջոցաւ Հայաստանէն շուրջ 350 երիտասարդներ շարունակած են իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ եւ այսօր զանազան ոլորտներու մէջ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն ի պայծառութիւն մեր հայրենիքի։

«Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Ամենողորմ Աստուած, որպէսզի Իր երանական օթեւաններու մէջ քաղցրութեամբ ընդունի մեր ժողովուրդի նուիրեալ զաւակի հոգին եւ Իր անբաւ ողորմութեամբ հատուցէ այն բազում բարեսիրական գործերու համար, որոնցմով իբրեւ խոնարհ հաւատաւոր անձ կ՚ապրէր լուսահոգի Ասօ Դաւիթեան եւ պիտի շարունակէ մնալ Մեր յիշողութեան եւ ազգի պատմութեան մէջ։ Սիրելի՛ Ասօ, հանգչէ՛ խաղաղութեամբ։

«Յառաջիկայ կիրակի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարենք տիար Ասօ Դաւիթեանի հոգւոյ հանգստութեան համար։ Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ Ասօ Դաւիթեանի մահուան տխուր առթիւ հրապարակած ցաւակցականին մէջ նշեց հետեւեալը.

«Խոր ցաւ կ՚ապրիմ «Դաւիթեան» հիմնադրամի նախագահ, բարերար, իմ բարեկամ Ասօ Դաւիթեանի մահուան կապակցութեամբ։ Ասօ Դաւիթեան հայրենիք-սփիւռք կապերու իւրատեսակ կամուրջ մըն էր։ Ան չէր ծնած Հայաստանի մէջ, չէր բնակեր Հայաստանի մէջ, սակայն մշտապէս կ՚ապրէր Հայաստանով, բազմիցս այցելելով եւ ամէն կերպ սատար ըլլալով հայրենիքին։ Դաւիթեան բարերարի համար առաջնային էր յառաջադէմ ու զարգացած Հայաստանի տեսլականը, զոր ան կեանքի կը կոչէր զանազան նախագծերու, յատկապէս կրթական ծրագրերու գանձատրումով. «Դաւիթեան» հիմնադրամի միջոցաւ բազմաթիւ հայ երիտասարդներ ուսանած կամ վերապատրաստուած են ամերիկեան հեղինակաւոր համալսարաններէ ներս, մասնաւորապէս Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ։

«Մեր բազմաթիւ հանդիպումներու ժամանակ՝ ներառեալ միջազգային զանազան կարեւոր հարթակները, Ասօ Դաւիթեան մշտապէս կը խօսէր հայրենիքին ու իր ժողովուրդին ամէն կերպ աջակցելու անհրաժեշտութեան մասին, համարելով, որ հայրենիքն ու սփիւռքը մէկ մարմին ու մէկ հոգի են։

«Ցաւակցութեան ու մխիթարութեան խօսքերս կը յղեմ Ասօ Դաւիթեանի ընտանիքին, հարազատներուն ու մերձաւորներուն»։

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

 Իր կարգին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ ցաւակցականին մէջ նշեց հետեւեալը.

«Մեծ ցաւով եւ ափսոսանքով ընդունեցի Ասօ Դաւիթեանի մահուան բօթը։ Ի սրտէ կը ցաւակցիմ իր բոլոր հարազատներուն ու մտերիմներուն։ Ասօ Դաւիթեանի մահը մեծ կորուստ մըն է բոլորիս համար։ Ան ժամանակակից հայկական սփիւռքի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական համայնքի ամենանշանաւոր եւ կարկառուն դէմքերէն էր, որ յայտնի էր ո՛չ միայն որպէս տաղանդաւոր գիտնական ու գործարար, այլ նաեւ՝ մեկենաս եւ առատաձեռն բարերար։

«Մեծ դրուատիքի եւ երախտագիտութեան արժանի է յատկապէս Հայաստանի համար ցուցաբերած իր բազմամեայ օժանդակութիւնը։ Հայաստանի անկախութեան տարիներուն իր միջոցներով եւ ջանքերով շուրջ 3 հարիւր պետական ծառայող եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչ կրթութիւն ստացած եւ վերապատրաստուած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչերի իրաւունքի եւ դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ։

«Ասօ Դաւիթեան բովանդակալից եւ յագեցած կեանք ապրած է։ Իր անցած ուղին եւ դաւանած բարձր արժէքները օրինակելի են մեր հասարակութեան եւ յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։ Աստուած հոգին լուսաւորէ»։

ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆԻ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆԸ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանն ալ շեշտեց, որ Ասօ Դաւիթեանի հայրենանուէր գործունէութիւնը արժանի է բարձր գնահատանքի եւ ընդօրինակման։ «Ասօ Դաւիթեան իր կեանքի եւ գործունէութեան ամբողջ ընթացքին ապրած է հայրենիքի հոգսերով, մեծ աշխատանք տարած է հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման, սփիւռքի մէջ հայկական ազգային ինքնութեան պահպանման, զանազան երկիրներէ ներս հայութեան շահերը պաշտպանելու ուղղութեամբ», նշեց Սահակեան։

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2020