ԵՐԵՒԱՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ՏԱՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՅԱՏԿԱՆՇԱԿԱՆ ՀԱՄԵՐԳ ՄԸ

Ապրիլի 24-ի այս տարուայ ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ յատկանշական համերգ մը։ Այսպէս, «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ հանդէս եկան Հայաստանի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբը եւ Պետական ակադեմական երգչախումբը։ Համերգի մասնակիցները ունկնդրեցին Մոցարթի «Ռեքիւիէմ»ի կատարումը, բաւական բարձր որակով, ինչ որ խորապէս տպաւորիչ էր։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021