ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԵՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐ

Ապրիլի 24 մը դարձեալ… Եւ ահա համայն հայութիւնը հերթական անգամ դէմ յանդիման է իր նահատակներու լոյս յիշատակին։ Խոնարհումի, խոկումի, վերյիշման եւ ոգեկոչման օր մը, որու խորհուրդը ժամանակներու մէջ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ՝ պայմանաւորելով ամբողջ յիշողութիւն մը, նաեւ գիտակցութիւն մը։

Այս տարուայ Ապրիլի 24-ը երկու ուղղութիւնով կ՚առաջնորդէ հայութիւնը. երկու ուղղութիւն, որ յաջորդ քայլափոխին միացեալ ճանապարհի մը, ճակատագրի մը կը վերածուի՝ նահատակութեան խորհուրդի հասարակաց յայտարարին վրայ։ Այդ երկու ուղղութիւններուն խորհրդանշաններն են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը եւ Եռաբլուր նահատակաց պանթէոնը, որոնք ֆիզիքապէս իրարու շատ մօտ բլուրներու վրայ խարսխուած՝ այսօր կը հնչեցնեն համանման պատգամ մը։

Հայաշխարհը այս տարուայ 24 Ապրիլին ցեղասպանութեան սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան հայցին հետ ընդելուզած է Արցախի երկրորդ պատերազմի բիւրաւոր զոհերու սուգը։ Մեծ Եղեռնի 106-րդ տարելիցին հայոց ապրումները կը սուզուին՝ դէպի այդ երկու յուշակոթողներու մարմնաւորած խորութիւնը։ 2021 թուականի Ապրիլի 24-ը թէեւ կլոր թիւով տարելից մը, որոշ ամեակ մը չէ, առաջին հայեացքով յոբելեան մը ըլլալ չի թուիր, սակայն կը զուգադիպի հայոց արդի պատմութեան ամենալուրջ ճամբաբաժանին։ Այս տարին՝ իր մարտահրաւէրներով նոր իմաստ ու երանգ կը վերագրէ Ապրիլի 24-ի խորհուրդին։ Անժամանցելի վիշտին նկատմամբ հաւատարմութեան սահմանումները կը բիւրեղանան Հայաստանի Հանրապետութեան յաւերժութեան համար պայքարով։ Սա դարձած է համազգային առաջնահերթութիւն մը, հրատապ՝ աւելի քան երբեք։ Հայոց անկախ պետականութեան երաշխաւորուած գոյութիւնը, համազգային համախմբման ընդունակութիւնը, նաեւ որպէս ինքնիշխան պետութիւն, միջազգային ուրոյն դերակատար լինելութիւնը դարձած են ճակատագրական՝ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ համագործակցութեան միջավայրով մը հանդերձ։ Արդի ժամանակներուն մէջ այս նախապատուութիւնով յառաջ կը տարուի ամէն ինչ հայ իրականութեան մօտ։

*

Հայաստանի եւ աշխարհի հայաբնակ երկիրներուն մէջ այսօր տեղի կ՚ունենան ոգեկոչումներ, ինչպէս ամէն տարի։ Հիմնական ուշադրութիւնը կեդրոնացած է Երեւանի վրայ, ուր կը գտնուին նաեւ բազմաթիւ օտարերկրեայ հիւրեր։

Հայաստանի պետական աւագանին, գլխաւորութեամբ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի, այս առաւօտ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Ապրիլի 24-ի առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ Արմէն Սարգսեան շեշտեց, որ միջազգային եւ տարածքաշրջանային քաղաքականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ընդհանրապէս հայկական հարցը ոմանց կողմէ շատ յաճախ կը փորձուի օգտագործել՝ որպէս միջոց զանազան նպատակներու հասնելու համար։ Սակայն աշխարհ պէտք է գիտակցի, թէ այդ ոճիրը լռութեան մատնելու, անցեալի մէջ թողելու, առաւել եւս ժխտելու քաղաքականութիւնը վաղուց սպառած է։ «Այսօր ալ իրադարձութիւնները վերստին կը փաստեն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը անհրաժեշտութիւն են մեր տարածքաշրջանէն ներս տեւական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու համար», ըսաւ Արմէն Սարգսեան եւ աւելցուց, որ այլատեացութեան հետեւողական քաղաքականութեան նորագոյն դրսեւորումը եղած է Արցախի դէմ սանձազերծուած վերջին պատերազմը։ «Մենք կարող ենք ու պարտաւոր ենք ուղղել մեր մէջքը եւ ամուր կանգնիլ սեփական հողին ու հաւատարիմ մնալ մենք մեզի։ Միանշանակ մերժելի են ոտնձգութիւնները մեր ազգային ու բարոյական արժէքներու, մեր ինքնութեան դէմ։ Մենք՝ որպէս միասնական ժողովուրդ եւ պետութիւն, պէտք է կարողանանք մաս կազմել այսօր աշխարհի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն՝ առանց նահանջելու մեր յիշողութենէն ու արդար պահանջներէն», նշուած է Արմէն Սարգսեանի պատգամին մէջ։

Այսօր Երեւանի մէջ են՝ մանաւանդ Ֆրանսայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Այս առաւօտ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Երեւանի մէջ է նաեւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան։ Ֆրանսացի երկու բարձրաստիճան պետական այրերն ալ երէկ զանազան հանդիպումներ ունեցան Երեւանի ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ։

Շաբաթ, Ապրիլ 24, 2021