23 ԱՊՐԻԼԻ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ

Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ նշուեցաւ 23 Ապրիլի Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ազգային մեծ ժողովի բացման 103-րդ տարեդարձն ալ նշուեցաւ մեծ խանդավառութեամբ։ Ամբողջ պետական աւագանին մէկտեղուեցաւ մանուկներու եւ պատանիներու հետ՝ իր պատգամը կեդրոնացնելով երկրի ապագային վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ Իսթանպուլի մէջ մէկտեղուեցաւ աղէտի գօտիէն եկած մանուկներու եւ պատանիներու հետ։

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ կը տիրէր մեծ եռուզեռ։ 23 ապրիլին Ազգային գերիշխանութեան եւ մանկանց տօնը եկած էր մեծ խանդավառութեամբ համախմբել երկիրը, մինչ կը նշուէր նաեւ Ազգային մեծ ժողովի հիմնադրութեան 103-րդ տարեդարձը։ Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, խորհրդարանի առաջին շէնքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիսութիւն մը։ Օրուան տօնին առթիւ Ազգային մեծ ժողովը գումարեց յատուկ նիստ մը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի թողած անգին աւանդի արժեւորման վառ փուլերէն մին էր այս մէկը, որ ամբողջ երկրէն ներս կու գայ ամրապնդել այն գիտակցութիւնը, թէ բոլոր հայրենակիցներուն տեսակէտէ հասարակաց յայտարար մը կը համարուին՝ 23 ապրիլի տօնի խորհրդանշած զգայնութիւնները։

Բոլոր ազգային տօներուն նման, այս անգամ եւս ժողովուրդը երախտագիտութեամբ ոգեկոչեց Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքը։ Երկիրը վերանորոգեց նաեւ իր գիտակցութիւնը՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան անանջատելի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան, աշխարհավար ու ժողովրդավարական համակարգի պահպանման ուղղութեամբ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023