24 ԱՊՐԻԼ. 108-ՐԴ ՏԱՐԵԼԻՑ…

Համայն հայութիւնը այսօր դարձեալ համախումբ է 24 Ապրիլի առթիւ։ Աշխարհի չորս ծագերուն հայերը կ՚ոգեկոչեն իրենց սուրբ նահատակները։ 1915-ի ցեղասպանութենէն 108 տարի անց աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը բիւր յարգանքով իր խոնարհումը կը բերէ նահատակներու նուիրական յիշատակին առջեւ՝ խնդրելով անոնց բարեխօսութիւնը։

24 Ապրիլը այս տարի ունի սովորականէ դուրս պատգամ մը։ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները արդէն տարբեր իմաստ մը կը վերագրեն 24 Ապրիլին։ Հայութիւնը այսօր կ՚անդրադառնայ, որ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան պետականութեան յարատեւման երաշխաւորումն է սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին հաւատարիմ մնալու միակ ճանապարհը։ Վերջին տարիներու մղձաւանջին մէջ համայն հայութեան մօտ կ՚ամրապնդուի այն գիտակցութիւնը, թէ միայն հայոց պետականութեան յարատեւութիւնն է սուրբ նահատակներու յիշատակը արժանապատիւ ձեւով վառ պահելու ուղին եւ տակաւին հայոց պետականութիւնն է հայ ժողովուրդի այսօրուան սերունդները նոյնանման աղէտներէ եւ արհաւիրքներէ խնայելու միակ ճանապարհը։ Այս ամբողջով կը վերամեկնաբանուի 24 Ապրիլի խորհուրդը, որ ժամանակներու մէջ վերանորոգ ու մշտանորոգ պատգամ մը կը հասցնէ համայն հայութեան՝ ըլլալու համար միասնական ու համախումբ եւ ժամանակներու փորձութիւններուն դիմաց պահպանելու համար կամքն ու վճռակամութիւնը։

Այսօր աշխարհասփիւռ հայութեան սիրտը կը տրոփէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ, ուր այս առաւօտ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական աւագանին յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 24, 2023