Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը 50.000 Տոլար Պիտի Նուիրէ Արցախին
Թէքէեան մշակութային միութեան (ԹՄՄ) Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական վարչութիւնը, խորհրդակցաբար Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Վերականգնումի ու միութեան շարժումին եւ ՌԱԿ-ի Հանրապետական վարչութեան հետ, իր վերջին նիստին որոշած է 50 հազար տոլարի դրամական օգնութիւն տրամադրել ապրիլեան պատերազմին ընթացքին Արցախի մէջ զոհուած ազատամարտիկներու ընտանիքներուն: Հայաստանի ԹՄՄ-ի կողմէ Ապրիլի 25-ին կազմակերպուած տարեկան մրցանակաբաշխութեան ընթացքին, այս մասին արդէն իսկ յայտարարած էր ԹՄՄ Կեդրոնական վարչութեան եւ ՌԱԿ Վերականգնումի շարժման ղեկավարներէն Երուանդ Ազատեան: Գումարի բաշխման ձեւի, չափի եւ այլ մանրամասնութիւններու մասին տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին հետագային։