ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԽԱՐԻՍԽ
Երէկ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներուն տեսակէտէ ապրուեցաւ յատկանշական օր մը։ Այսպէս, Գարակէօզեան Տան սեփականութիւնը հանդիսացող KEY PLAZA-ի չորրորդ յարկին վրայ պաշտօնապէս գործել սկսաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին գրասենեակը։ Ծանօթ է, որ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներուն համար վերջին շրջանին կատարուեցան բազմաբնոյթ բարեփոխումներ, որոնք երկար տասնամեակներէ ի վեր առկախուած, կուտակուած խնդիրներու լուծման տեսակէտէ կը ներկայացնեն մեծ կարեւորութիւն։ Զուգահեռաբար Վաքըֆներու խորհուրդէն ներս պաշտօնի կոչուեցաւ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու մասնաւոր ներկայացուցիչ մը եւ այս վերջնոյն գործունէութիւնն ալ եկաւ լուրջ թափ մը տալ լուծման որոնումներուն եւ համապատասխան կարգադրութիւններուն։ Ներկայիս Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչն է Տոց. Թորոս Ալճան, որ կը յաջորդէ Լաքի Վինկասին։ Ցարդ այս երկու անունները իսկապէս կարեւոր դեր մը ստանձնեցին՝ արդարացնելով իրենց վրայ դրուած յոյսերը։ Բոլոր փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ ուրախառիթ կը համարուի, որ այդ ներկայացուցիչը այլեւս պիտի ունենայ գրասենեակ մը, ինչ որ պիտի դիւրացնէ գործունէութեան համակարգումը։ Նորահաստատ այս վարչական խարիսխը արդէն նոր յոյսեր կը ներշնչէ՝ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին աշխատանքը աւելի ազդու եւ նպատակասլաց կազմակերպելու տեսակէտէ։
Գրասենեակի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ առաւօտեան ժամերուն։ Պատուոյ հիւրերն էին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Տքթ. Ատնան Էրթէմ։ Նորին Սրբազնութիւնը խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը բարեմաղթութիւններու եւ ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատեց Ատնան Էրթէմի եւ Թորոս Ալճանի հետ։
Ներկայացուցչի գրասենեակին բացման հանդիսութիւնը համախմբեց ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներէն հոգեւորականներ եւ անոնց հաստատութիւններուն ղեկավարները։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդին անդամներն ու Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի փոքրամասնութեանց գծով խորհրդական Նատիա Թաշէլ եւ Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւս ներկայ էին հաւաքոյթին։
Բացման արարողութեան մասնակիցները նախ համախմբուեցան KEY PLAZA-ի մուտքասրահին մէջ, ուր սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Աւելի վերջ բոլոր ներկաները բարձրացան փոքրամասնութեանց ներկայացուցչի գրասենեակին յարկը։ Այստեղ ժապաւէնի հատուելէն վերջ կատարուեցաւ շրջայց մը, մինչ ընթերցուեցաւ նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական հեռագիրը։
Ելոյթներով հանդէս եկան Թորոս Ալճան եւ Ատնան Էրթէմ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին։ Այս յուշանուէրը պատրաստուած էր այն շարժառիթով, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը յանձն առած է KEY PLAZA-ի երդիքին տակ հիւրընկալել փոքրամասնութեանց ներկայացուցչին գրասենեակը։ Ատնան Էրթէմի ձեռամբ յուշանուէր մըն ալ յանձնուեցաւ Վարուժան Պուլկանին, որ ստանձնած էր գրասենեակին կահաւորումը։ Շնորհակալութեամբ ընդգծուեցան նաեւ ճարտարապետ Գէորգ Էօզգարակէօզի ջանքերը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանն ալ յուշանուէր մը յանձնեց նորաբաց գրասենեակին համար։
Իր ողջոյնի խօսքին մէջ Թորոս Ալճան շեշտեց, որ 2008 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու կեանքէն ներս կատարուած են մեծ ոստումներ։ Ալճան յիշեցուց, թէ աշակերտած էր Գարակէօզեան Տան եւ իր մանկութիւնը անցուցած՝ անոր պարտէզին մէջ։ Ուստի, ան բացատրեց, որ իր տեսանկիւնէն մեծ նշանակութիւն ունի այդ նոյն պարտէզի տարածքին վրայ կառուցուած շէնքին մէջ գրասենեակին բացուիլը։ Թորոս Ալճան ընդգծեց իր նախորդին՝ Լաքի Վինկասի կողմէ ծաւալուած կարեւոր աշխատանքը եւ աւելցուց, թէ ինքն ալ կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը։ Ալճան ընդգծեց, որ փոքրամասնութեանց ներկայացուցչի պաշտօնը հերթով պիտի ստանձնեն համայնքներու ներկայացուցիչները։ Բացման հանդիսութեան կապակցութեամբ ան խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, Տիգրան Կիւլմէզկիլին, Ատնան Էրթէմին եւ Վաքըֆներու խորհուրդի իր պաշտօնակիցներուն։ Թորոս Ալճան բարձր դրուատիքով արտայայտուեցաւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի մասին, որու եւ գործակից ընկերներուն պատրաստակամ վերաբերմունքին շնորհիւ կարելի դարձած է գրասենեակին KEY PLAZA-ի հաստատուիլը։
Իր կարգին, Ատնան Էրթէմն ալ յայտնեց, թէ 2008 թուականին ընդունուած օրէնքները հիմք կը ծառայեն, որպէսզի իրենք կարենան հնարաւոր առաւելագոյնը ընել՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆներուն խնդիրները լուծելու համար։ Ան ըսաւ, թէ ցարդ բաւական ճանապարհ առնուած է, սակայն տակաւին լուծման կը սպասեն բազում խնդիրներ։ Ատնան Էրթէմ մաղթեց, որ վաքըֆները, բոլոր բարենպատակ հաստատութիւնները եւ անոնց սպասարկողները բոլորի աղօթքին ու բարեմաղթանքին արժանի ըլլան՝ իրենց մատուցած մարդասիրական ծառայութիւններով։
Գրասենեակի բացման հանդիսութենէն վերջ օրուան յայտագիրը շարունակուեցաւ Ֆէրիգիւղի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց յունաց եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ։ Ծանօթ է, որ ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած աւանդոյթին, փոքրամասնութեանց վաքըֆներուն ներկայացուցիչները գարնան շրջանին սեղան մը կը սարքեն Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին եւ խորհուրդի անդամներուն ի պատիւ։ Ընդհանրապէս Ս. Զատկի տօնի շրջանին կը զուգադիպի այս հաւաքոյթը։ Քանի որ այս տարի հայ եւ յոյն համայնքներուն Ս. Զատկի թուականները իրարմէ բաւական հեռու էին, այս ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ երէկ՝ համընկնելով նաեւ ներկայացուցչի գրասենեակի բացման հանդիսութեան օրուան։
Հաւաքոյթի ընթացքին հիւրընկալ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետը՝ Քոստաս Սանտալճաքիս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Աւելի վերջ արտայայտուեցան Լաքի Վինկաս, Թորոս Ալճան եւ Ատնան Էրթէմ։ Իր խօսքին մէջ Ատնան Էրթէմ շեշտեց, թէ փոքրամասնութեանց վաքըֆներու առկախուած ընտրութեան խնդիրը կը շարունակէ մնալ այժմէական։ Ներկայիս կը ձեւաւորուի նոր կառավարութիւն մը եւ իրենք յառաջիկայ շրջանին եւս կը շարունակեն հետապնդել նաեւ այս հարցը։ Էրթէմ ընդգծեց, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը, սկզբունքօրէն, չի փափաքիր միջամուխ դառնալ ընտրութիւններուն։ Այս խնդրի կարգաւորումը կ՚ենթադրէ որոշ ընթացակարգերու կեանքի կոչուիլը։ Յամենայնդէպս, Ատնան Էրթէմ յստակ թուական մը չտուաւ այս խնդրի լուծման շուրջ։ Ընդհանուր տնօրէնը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ նաեւ Քամփ Արմէնի հարցին եւ աւելցուց, որ այնտեղ եւս յառաջ պիտի տարուի անհրաժեշտ ընթացակարգը։
Միւս կողմէ, այս ճաշկերոյթէն վերջ, երէկ, Վաքըֆներու խորհուրդը իր հերթական ժողովը գումարեց Իսթանպուլի մէջ, Ատնան Էրթէմի գլխաւորութեամբ։
Բնականաբար, փոքրամասնութեանց հաստատութիւններու ներկայացուցիչները ընդհանուր տնօրէնին հետ մէկտեղուելու առիթէն օգտուելով հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերին առկախուած ընտրութիւններու խնդիրը, որու լուծման կը սպասուի շուրջ չորս տարիէ ի վեր։