ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՊԱՆՏԱՐ ԱՊՊԱՍԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԱԹԳԻԾ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի, որ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցած ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քով վե­րընտ­րուե­ցաւ, յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ «news.am»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ան իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ ժամ­կէ­տին ըն­թաց­քին Ատրպէյ­ճա­նի հետ եր­կա­թու­ղա­յին գի­ծե­րու կա­ռու­ցումն ու ընդ­լայ­նու­մը կը հա­մա­րէ կա­րե­ւոր հա­մա­տեղ ծրագ­րե­րու շար­քին։ Ռու­հա­նի յայտ­նեց, որ Թեհ­րան եւ Պա­քու ու­նին լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։

«Ատր­պէյ­ճա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին նաեւ ա­պա­գա­յին», ը­սաւ ան եւ ա­ւել­ցուց, որ հա­մա­տեղ ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րէն քա­նի մը հա­տը պի­տի հաս­նին ի­րենց ա­ւար­տին իր ներ­կայ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ժամ­կէ­տին մէջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ ան թուար­կեց եր­կա­թու­ղիի շի­նա­րա­րու­թեան այն նա­խա­գի­ծը, ո­րով Ի­րա­նի «Պան­տար Ապ­պաս» նա­ւա­հան­գիս­տը պի­տի միա­նայ Մոս­կուա­յին։

Հայաստանն ալ ներկայիս Իրանի հետ կ՚աշխատի դէպի Ռուսաստան տարանցումներու համար։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ ան­կա­րե­լի է Ի­րա­նը դուրս թո­ղուլ Սու­րիոյ տագ­նա­պի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծըն­թա­ցէն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017