ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Ե­րէկ, Պրիւք­սե­լի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թիւն-Հա­յաս­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի 17-րդ նիս­տը։ Բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը գըլ-խա­ւո­րե­ցին ԵՄ-ի գե­րա­գոյն յանձ­նա­կա­տար Ֆե­տե­րի­քա Մո­կե­րի­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան։ Պրիւք­սե­լի մէջ Նալ­պան­տեան եւ Մո­կե­րի­նի ու­նե­ցան հան­դի­պում մը, ո­րու ա­ւար­տին գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սով մը։ Հայ­կա­կան պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ էին Հա­յաս­տա­նի Տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու ա­ռա­ջին փոխ-նա­խա­րար Գա­րե­գին Մել­քո­նեան, Ար­դա­րա­դա­տու­թեան փոխ-նա­խա­րար Վի­գէն Քո­չա­րեան եւ Մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մարկ­ման ու բա­րե­փո­խում­նե­րու փոխ-նա­խա­րար Մա­կար Ղամ­բա­րեան։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հան­գա­մա­նա­լից քննար­կում ծա­ւա­լուե­ցաւ ԵՄ-Հա­յաս­տան օ­րա­կար­գի հար­ցե­րու լայն շրջա­նա­կին շուրջ, նե­րա­ռեալ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թիւ­նը, ա­ռեւ­տու­րի եւ ո­լոր­տա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը, մար­դու ի­րա­ւունք­նե­րը, շար­ժու­նա­կու­թիւնն ու բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը։ Խոր­հուր­դի ե­րէկուան նիս­տին ըն­թաց­քին կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան կող­մե­րու գոր­ծըն­կե­րու­թեան 2017-2020 թուա­կան­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Նալ­պան­տեան Պրիւք­սե­լի մէջ նշեց, որ Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ յանձ­նա­ռու մնալ ԵՄ-Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան նպա­տակ­նե­րուն եւ իր նպաս­տը բե­րել այդ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փին մէջ ձեռ­նար­կուած հա­մա­տեղ ջան­քե­րուն։

Կող­մե­րը քննար­կե­ցին մի­ջազ­գա­յին եւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հրա­տապ հար­ցեր եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րե­ցին Ի­րա­նի, Թուր­քիոյ եւ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։ Նալ­պան­տեան ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ պե­տու­թիւն­նե­րու ջան­քե­րը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ հան­գու­ցա­լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Իր կար­գին, Մո­կե­րի­նի յայտ­նեց, որ այս հիմ­նա­հար­ցը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում եւ ԵՄ լիո­վին կը սա­տա­րէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ եր­կիր­նե­րու ջան­քե­րուն։

ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ ՄԱՏ­ՐԻՏ

Միւս կող­մէ, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր կ՚այ­ցե­լէ Մատ­րիտ, ուր կը մաս­նակ­ցի «Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի մէջ ազ­գա­յին եւ կրօ­նա­կան բռնու­թիւն­նե­րու զո­հե­րը» խո­րագ­րով կազ­մա­կեր­պուած նա­խա­րար­նե­րու մա­կար­դա­կով մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ժո­ղո­վի մը, ո­րու ըն­թաց­քին նա­խա­տե­սուած է նաեւ իր ե­լոյ­թը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017