«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՍՄԱՐԹ ԿԵԴՐՈՆԸ ԿԸ ԲԱՆԱՅ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ

Յառաջիկայ 27 Մայիսին Լոռիի մարզի Դեբետ համայնքին մէջ պիտի բացուի «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի (ՔՈԱՖ) ՍՄԱՐԹ կեդրոնը: ՍՄԱՐԹ նորարարական հայեցակարգը կը փոխէ գիւղական Հայաստանի պատկերը՝ զայն դարձնելով միջազգային համայնքի անքակտելի մաս: 5 միլիոն տոլարի ներդրումով այս ծրագիրը նպատակ ունի զարգացնելու տեղական միջոցները եւ զայն համայնքներուն մէջ կիրարկելու կարելիութիւններ ստեղծելու:

ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ-ը ոչ հանրակրթական համապարփակ միջավայր է: Անիկա հաւասար եւ համարժէք կարելիութիւններ կ՚ապահովէ գիւղերու՝ երեք տարեկանէն բարձր 150 հազար երիտասարդներու եւ մեծահասակներու համար:

ՍՄԱՐԹ կեդրոնի հայեցակարգի չորս հիմնասիւներն են՝ նորարարութիւնը եւ ստեղծագործականութիւնը, լեզուն եւ հաղորդակցութիւնը, ձեռներէցութիւնը եւ տեղական տնտեսական զարգացումը, աշխոյժ քաղաքացիութիւնը եւ անձնական զարգացումը:

Տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները եւ օտար լեզուն ՍՄԱՐԹ ծրագիրներու եւ ուսուցման նիւթերու հիմքին մէջ են:

Մարդ-մեքենայ եւ ծրագրաւորման ոլորտին մէջ ՍՄԱՐԹ-ի տարածքաշրջանային բացառիկ գործընկերն է ձեռնարկութիւններու կառավարման մատուցուած SAP ընկերութեան Next-Gen աշխատանոցը: Արուեստի աշխատանոցի նորարարական մօտեցումներու զարգացման գործընկերը «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնն է:

ՔՈԱՖ ՍՄԱՐԹ կեդրոնի բացումին ներկայ պիտի ըլլան «Հայաստանի մանուկներ» հիմնադրամի բարերարները, աջակիցները, գործընկերները, Հայաստանի ղեկավարները եւ դեսպաններ:

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018