ԱՆՀԱՆԴՈՒՐԺԵԼԻ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովի ընթացքին Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Սեւան Շեշեթեան օրակարգի վրայ բերաւ զգայացունց խնդիր մը։ Իր յայտարարութիւնները եկան անգամ մը եւս ապացուցանել, որ մեր համայնքային կեանքը որքան ծանրաբեռնուած է անհանդուրժելի երեւոյթներով։ Սեւան Շեշեթեան VADİP-ի ժողովին ընթացքին տեղեկացուց, որ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէ վերջերս նոր դատ մը բացած է Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղականներուն շուրջ։ Շեշեթեան ցասումով ցոյց տուաւ ծաւալուն մեղադրականի թղթածրարը։ Հարկ է նշել, որ ամբաստանագիրը կը բաղկանայ շուրջ 140 էջէ։ Ըստ Շեշեթեանի, Մուրատ Սիւմէ ցայսօր իրերայաջորդ դատեր բացած է իրենց դէմ։

Այս տեղեկութիւնը փոխանցելէ վերջ, Սեւան Շեշեթեան տեղեկացուց, որ Մուրատ Սիւմէ աշխատանք կը տանի Պիւյիւքտէրէի թէ՛ հայկական եւ թէ լատին կաթոլիկ գերեզմանատուներու տարածքներուն վրայ շինարարութիւն մը իրականացնելու համար։ Ըստ իրեն, այս հարցերուն տեղեակ են Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ այժմու ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի։ Ըստ Սեւան Շեշեթեանի, Մուրատ Սիւմէ զանազան միջավայրերու մէջ յայտարարած է, որ Վոսփորի եւրոպական ափը ձեռք պիտի անցընէ եւ ունի համախոհներ։ Ուստի, ան կը փորձէ ճնշում բանեցնել նաեւ Ենիգիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին վրայ՝ որովհետեւ ան ալ կը տնօրինէ կարեւոր տարածք մը։ Սեւան Շեշեթեան յայտնեց, որ ճիշդ է՝ այդ տարածքը ցայսօր ակնկալուած արդիւնաւէտութեամբ չէ արժեւորուած, սակայն Ենիգիւղի թաղային խորհուրդը կը ցուցաբերէ ամենայն նախանձախնդրութիւն՝ սեփականութեան իրաւունքը դոյզն իսկ չվնասելու համար։ «Մենք՝ որպէս թաղային խորհուրդ մեր տարածքի պահապանն ենք», ըսաւ Սեւան Շեշեթեան։

Բաց աստի, ժողովի ընթացքին VADİP-ի ատենադպիր Յարութիւն Շանլըն ալ տեղեկացուց, որ Մուրատ Սիւմէ իր դէմ գանգատ ներկայացուցած է Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018