ԹԱՓՈՎ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու դաշնակցային համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ վերջին շփումները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ։ Օրակարգի վրայ եկան դաշնակցային համագործակցութեան հրատապ հարցերը, ներառեալ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 1 Յունիսին Տուշանպէի մէջ նախատեսուած նիստը, Ալմաթայի մէջ ՀԱՊԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 11 Յունիսի ժողովի նախապատրաստումը, ինչպէս նաեւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան կառոյցներու գործունէութիւնը։ Բացի երկկողմանի միջոցառումներու ժամանակացոյցէն, նախարարները անդրադարձան նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ ծրագրուող շփումներուն։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան ալ երէկ յայտարարեց, որ Մոսկուա պիտի շարունակէ աշխոյժ դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման գործին մէջ։ Ըստ բանբերին, ռուսական կողմը յառաջիկային եւս հաւատարիմ պիտի մնայ նոյն գործելաոճին։ «Փափաք կայ հասնելու համար հակամարտութեան կարգաւորման այն միջոցներով, որոնք ընդունուած են ու փորձուած իրենց արդիւնաւէտութեամբ։ Մենք աշխոյժ դերակատարութիւն ունեցած ենք ու պիտի շարունակենք ունենալ՝ բոլոր կողմերու հետ սերտ շփման մէջ ըլլալով», ըսաւ Մարիա Զախարովա։

Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ յայտնեց, որ հայկական կողմի համար կարեւոր սկզբունք մըն է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բանակցային խաղաղ գործընթացի ապահովումը։ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Մնացականեան մատնանշեց, որ կը սպասուի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ երկխօսութեան։ Նախարարը մատնանշեց, որ ինք հեռախօսազրոյց ունեցած է համանախագահներու հետ, որոնք ներկայացուցին մանրամասնութիւններ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ իրենց ունեցած հանդիպման շուրջ։ «Մեզի համար շատ կարեւոր է թափը պահպանել, որովհետեւ այդ բանի հիմքին կը գտնուի գործընթացը բացառապէս բանակցութիւններու միջոցաւ շարունակելը։ Մենք մօտ ժամանակներս գործընթացը վերականգնելու հնարաւորութիւն կ՚ունենանք։ Յունիսին մենք կը վերականգնենք գործընթացը համանախագահներու հետ հանդիպումով», ըսաւ Զօհրապ Մնացականեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ երէկ խորհրդարանի մէջ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն։ Վերջին օրերուն մամուլին մէջ արձագանգ գտած էր, որ Հայաստան «Թոր» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռներ ձեռք պիտի բերէ Ռուսաստանէն։ Երեսփոխան մը այս նիւթին շուրջ փափաքեցաւ շօշափել Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտը։ Վարչապետը ընդգծեց, որ այդ հարցի ուղիղ պատասխանը կը պարունակէ պետական գաղտնիք, սակայն անդրադարձաւ հայ-ռուսական համագործակցութեան բոլոր ուղղութիւններուն, ներառեալ ռազմաթեքնիկ ուղղութիւնը։ «Ես կրնամ ըսել, որ Սոչիի մէջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ մեր ունեցած հանդիպման ժամանակ խօսած ենք հայ-ռուսական յարաբերութիւններու յետագայ խորացման անհրաժեշտութեան մասին։ Բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ ռազմաթեքնիկ համագործակցութիւնը։ Մենք յոյս ունինք, որ այդ համագործակցութիւնը հետզհետէ աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ։ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի իշխանութիւններուն միջեւ կը նկատուի փոխադարձ վստահութեան որոշ մթնոլորտ եւ մենք յոյս ունինք, թէ այդ մթնոլորտը յետագային աւելի պիտի խորանայ», ըսաւ Փաշինեան։

Խորհրդարանի մէջ վարչապետը վստահեցուց, թէ զինեալ ուժերու կարիքներն ու Հայաստանի անվտանգութեան մակարդակի շարունակական բարձրացումը կը գտնուին կառավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկույի հետ՝ Աստանայի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն ժողովը։ Երկկողմանի համագործակցութեան առընթեր, քննարկուեցան նաեւ տարածքաշրջանային ու միջազգային անվտանգութեան օրակարգային հարցերը, առկայ սպառնալիքներուն համատեղ ուժերով արձագանգելու հնարաւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Մայիս 24, 2018